2017-12-04 11:16:00

Ծիսական գիտելիքներ Գ. Շաբաթ Յիսնակաց 3 –10 Դեկտեմբեր 2017


Յիսնակաց երրորդ շաբաթը կը սկսինք ապաշխարութեան գաղափարով. Արդարեւ կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ` Յիսուս կը պահանջէ ապաշխարանքը բոլոր մարդոցմէ անխտիր, եւ կը յայտնէ նոյնիսկ սոսկալի հետեւանքը անոր որ չ՛ապաշխարեր. Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ պիտի կորսուիք։

Քրիստոսի խօսքերը ծանր կը թուին մեզի, սակայն կը յայտնեն իրականութիւն մը որ կապուած է անքակտելիօրէն աւետարանի քարոզութեան եւ Աստուծոյ արքայութեան հռչակումին աշխարհի վրայ։ Ապաշխարութիւնը առաջին հանգրուանն է մարդկային մասնակցութեանը Աստուծոյ հաստատելիք արքայութեան։ Ան ոչ միայն նախապայման է երկինք մուտքին այլ` ամենօրեայ մեր կեանքին ընկերացող ջանքն ու պարտականութիւնն է որ կ՛ընդելուզուի մեր վերելքին դէպի առաքինութեան կեանքը։

Երկուշաբթի 4 Դեկտեմբերին կը տօնենք երկու նահատակներ, մին` Իտալիայէն, իսկ միւսը` Փոքր Ասիայէն, մին` կղերական եւ միւսը`զինուորական։

- Սուրբ Գենարիոս Իտալիոյ Պենեվենթօ քաղաքի եպիսկոպոսն էր, որ քաջութեամբ դիմադրեց չարչարանքներուն եւ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոսի օրով. Իր արիւնը կը պահպանուի այժմ սրուակի մը մէջ, Իտալիոյ Նափօլի քաղաքը, որուն պաշպան սուրբն է, Սան Ճեննարօ անունով. Կ՛ըսուի թէ տարին անգամ մը, իր տօնին օրը, արիւնը կը սկսի եռալ։

- Սուրբ Մերկիւրիոս Հռովմէական բանակին մէջ ծառայող զօրավար մըն էր որ երթալով աստիճանի բարձրացում ունեցաւ, շնորհիւ իր քաջագոծութիւններուն. Սակայն իր ընկերակիցները, նախանձելով իր դիրքին, կայսրին մատնեցին զինք որպէս քրիստոնեայ. Շատ մը չարչարանքներէ ետք` գլխատուեցաւ Կեսարիոյ մէջ։

Երեքշաբթի 5 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու աշխարհական վկաներ.

- Սուրբ Յակովիկ. Քրիստոնեայ մըն էր որ պարսկական արքունիքին մէջ կը ծառայէր, եւ հաճելի դառնալու համար թագաւորին` ուրացած էր քրիստոնէութիւնը. Ասոր վրայ իր կինն ու զաւակները խոր սուգի մատնուեցան եւ սպառնացին ուրանալ զինք, որ ուրացած էր քրիստոնէութիւնը. Յակովիկ զղջաց եւ ապաշխարեց, յայտնելով թէ ինք կը վերադառնայ դէպի քրիստոնէութիւն. Այդ պատճառով ալ անդամահատ եղաւ եւ նահատակուեցաւ սոսկալի չարչարանքներու մէջ։

- Սուրբ Իրաւափառ, կամ Թեմիսթոքլէս, սուրբ հովիւ մըն էր որ մերժեց յայտնել թաքստոցը լեռներու մէջ ապաւինած քրիստոնեաներու. Այդ պատճառաւ` 253 թուին, ան   նահատակուեցաւ։

Հինգշաբթի 7 Դեկտեմբերին կը տօնենք Եգիպտոսի սուրբ ճգնաւորները, գրեթէ բոլորն ալ աշակերտ Սուրբ Անտոն Անապատականի, որոնք 3-րդ եւ 4-րդ դարերուն` ծաղկեցուցին անապատը իրենց առաքինութիւններով։

Ուրբ աթ  8 Դեկտեմբերին տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան .

Շաբաթ 9 Դեկտեմբերին` տօնն է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան։

Կիրակի 10 Դեկտեմբերը՝  Յիսնակաց  Դ.  Կիրակին է, Բարեկենդան և ապա պահք սուրբ Յակովբայ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.