(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2016 թուականի առաքելական վեց ճամբորդութիւններուն նուիրուած յատուկ փոստային նամականիշերու շարքին, անցեալ 23 նոյեմբերին հրապարակուեցաւ նաեւ Նորին Սրբութեան Հայաստան կատարած պատմական այցելութիւնը յիշատակող նամականիշը որուն հեղինակն է Տանիէլա Լոնկոն, ինչպէս կը յայտնէ Վատիկանի նամականիշերու պաշտօնական կայքէջը, ուր նշուած է նաեւ թէ նամականիշը կը պատկերացնէ «Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան ծիրէն ներս, Անոր ամփոփումը Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիրին մէջ»։
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայաստանը այցելած էր 24 -26 Յունիս 2016, ու 25 յունիսին, նախ քան Գիւմրի մեկնիլը՝ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդը յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու մատեանի մէջ արձանագրած էր հետեւեալ գրութիւնը. «Այստեղ կ՝աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ գիտնայ բարութեամբ յաղթահարել չարը: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ո՛չ պղտորել, ո՛չ մոռացումի ենթրակել: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |