2017-11-21 09:52:00

«Մխիթարեան Արիներ» կիրակնօրեային առաջին հաւաքը Հալէպի մէջ։


Կիրակի 19 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10.00ին, Մխիթարեան վանատան մատրան մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, ներկայութեամբ բարեկամներու, նախկին սաներու, ծնողներու, փոքրերու եւ հաւատացեալներու։

Սրբազան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ առաջին հաւաքը «Մխիթարեան Արիներ» կիրակնօրեային։ Փոքրիկները խանդավառ երգեցին, խաղացին ու կանչեր սորվեցան։

Յոյսով ենք որ յաջորդաբար Կիրակնօրեան նոր անդամներով աճի, ճոխանայ, զարգանայ եւ բարեզարդուի ի նպաստ հայութեան ապագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.