2017-11-11 08:35:00

Անթիլիասի մԷջ տեղի պիտի ունենայ հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսը


Նոյեմբեր 19-էն Դեկտեմբեր, 10 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքոյ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսը, կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը:

Տարիներու աւանդոյթի համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պահպանման եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը` իր սրբազան յարկին տակ հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցականները, համալսարանականները եւ անհատ գրքասէրները:








All the contents on this site are copyrighted ©.