2017-11-10 09:13:00

Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանի մշակոյթի ամիսը


«Ասպարէզ»-Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութիւնն ու հայկական բաժանմունքի ուսուցչուհիները իրենց կոչումը դարձուցած են՝ ապրիլ հայ մշակոյթով, ապրեցնելու համար հայ մանուկն ու հայ դպրոցը հայկական շունչով ու ոգիով: Նոյն նպատակով, հայերէն բազմատեսակ ծրագիրներ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին աւելի կը ճոխանան, կը բազմանան եւ կը դառնան աւելի հաճելի:

Մեր աշակերտները Հոկտեմբեր ամսուն մասնակցեցան հաւաքական Ս. պատարագի, Մշակոյթի օրուան հանդիսութեան, մանուկներու Աշնանային փառատօնին եւ  դասարանային աշխատանքներու, ինչպէս՝ մշակոյթը յատկանշող զանազան ձեռայիններ, ուսումնասիրութիւններ եւ ներկայացումներ ու հայկական ճաշերու պատրաստութիւն։

Հոկտեմբեր 25ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ աշակերտական պատարագ. օրուան պատարագիչն էր Կլենտէյլի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, իսկ Ս. սեղանին կը ծառայէին 7րդ դասարանի աշակերտներ: Հայր Բարսեղ պատշաճ քարոզ տուաւ՝ շեշտելով հայ լեզուին, հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին կարեւորութիւնը. ան բացատրեց հայ գիրերը հնարելու Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի աշխատանքը, որուն շնորհիւ կը գոյատեւենք մենք այսօր։ Ապա աշակերտները հիւրասիրուեցան հայկական կաթնապուրով եւ պանիր ու հացով:

Նոյն օրուան ժամը 10:30ին, տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները մէկտեղուած էին վարժարանի «Դանիէլեան» սրահը: Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ. օրուան հանդիսավարն էր ուսուցչուհի Նորա Պուլտուգեան, որ բացման խօսքով բացատրեց կարեւորութիւնը գիրերու գիւտին՝ զուգահեռ մը գծելով անկէ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունելու Տրդատ Գ. թագաւորի որոշումին հետ: Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ օրուան պատշաճ երգերով եւ արտասանութիւններով, որոնց դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան:

Յայտագիրը ճոխ էր եւ կ՛ընդգրկէր մշակոյթի տարբեր մարզեր, ինչպէս՝ հեքիաթասացութիւն, զոր կատարեցին 5րդ դասարանի աշակերտները՝ ներկայացնելով Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտիկը»: Երգարուեստի բաժինով ներկայացան նախակրթարանի աշակերտները՝ մեկնաբանելով «Հոյ նազան», «Արեւը թռվռով ելաւ» երգերը, մենակատարութեամբ Արին Քարազեանի, իսկ 5րդ դասարանը մեկնաբանեց «Մոկաց Հարսեր»ը, մենակատարութեամբ Սոֆի Տատիկօզեանի եւ Թաթիանա Արսլանեանի։ Պարարուեստի բաժինով, նազանքով պարեցին առաջին դասարանի աշակերտները՝ ներկայացնելով «Զարթօնք» պարը։ Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ ճաշի ծրագիր, որ ներկայացուեցաւ 8րդ դասարանին կողմէ՝ երկու խումբերով. առաջինը ներկայացուց «Մանթի» ճաշի պատրաստութեան ձեւը, իսկ 2րդը՝ գաթայի պատրաստութիւնը, սահիկներու ցուցադրութեամբ:

Այս տարուան ծրագիրը նաեւ ունէր հաճելի անակնկալ մը: Հանդիսութիւնը կը հիւրընկալէր գաղութիս հանրածանօթ երաժշտագէտ եւ հայկական երաժշտական գործիքներու կատարող Արիգ Գէորգեանը, որ իր մատչելի ներկայացումով խանդավառեց մթնոլորտը՝ նուագելով, երգելով եւ երգեցնելով աշակերտութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին, տնօրէնուհի քոյր Լուսիան բեմ հրաւիրեց բոլոր հայերէնաւանդ ուսուցիչները եւ երաժշտութեան ուսուցչուհին, շնորհաւորեց զանոնք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ստանձնած պատասխանատու աշխատանքին համար՝ զանոնք պատուելով ծաղկափունջերով։ Ապա, աշակերտները Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ բաժնուեցան սրահէն, մինչ 8րդ դասարանի ծնողներն ու աշակերտները ներկաները կը հիւրասիրէին պատրաստուած ճաշերով եւ խմորեղէնով:

Հոկտեմբեր 27ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար պատրաստուած Աշնանային փառատօնը, որուն ընթացքին փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ միասին հաճելի պահեր ապրեցան՝ Թալինի մանկական երգերու կատարողութեամբ եւ տարբեր զբաղումներով:

Այսպիսով, անգամ մը եւս հայ մշակոյթը իր այլազան բնագաւառներով շրջագայեցաւ վարժարանիս երկնակամարին վրայ եւ իր անմոռանալի հետքերը ձգեց հայ աշակերտի միտքին ու հոգիին մէջ:

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն








All the contents on this site are copyrighted ©.