2017-11-09 12:43:00

«Քրիստոս Եկեղեցւոյ հիմքն է». Ֆրանչիսկոս Պապին 9 նոյեմբերի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուած խորհրդածութիւնը նուիրեց այսօր նշուող Հռոմի Լատերանեան  Սուրբ Յովհաննէս տաճարին օծման յիշատակին։ Անդրադառնալով  Լատերանեան Եկեղեցւոյ՝ «մայր բոլոր եկեղեցիներուն» բարձր տիտղոսին նշեց թէ այս  տիտղոսը «պարծանքի  տիտղոս մը չէ՝ այլ ծառայութեան եւ սիրոյ»։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա  հաստատեց,  թէ Քրիստոսն է Եկեղեցւոյ կառոյցին  անկիւնաքարը  ու թէ առանց Քրիստոսի չկայ եկեղեցի, դիտել տալով  որ՝ նիւթական իմաստով  հիմքէ զուրկ եկեղեցի  մը կը քանդուի, հետեւաբար առանց Քրիստոսի  եկեղեցին ենթարկուած է քայքայումի։ 

Ֆրանչիկոս Պապ այս ուղղութեամբ վերահաստատեց , թէ հաւատացեալներս, կենդանի քարերն ենք եկեղեցւո՝յ սակայն ոչ հաւասարաչափ  քարեր, իւրաքանչիւր  քար տարբեր է մէկը միւսէն եւ այս  իրողութիւնը եկեղեցւոյ հարստութիւնը կը նկատուի։ Ան շեշտեց կարելի չէ  մտաբերել միակերպ եկեղեցի մը, այլապէս եկեղեցի չէ – ըսաւ Ան ու յանձնարարեց պահպանել եկեղեցին այն գիտակցութեամբ.  որ Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը բնակի։ Ան նշեց թէ շատեր գիտեն Քրիստոսի եւ Հօր Աստուծոյ ով ըլլալը, որովհետեւ կ՝աղօթենք Հայր մեր Տէրունական աղօթքը,  սակայն քիչեր են  Սուրբ Հոգին ճանչցողը, ընդգծելով որ Սուրբ Հոգին  եկեղեցւոյ կեանքն է  եւ մենք Սուրբ Հոգիին տաճարը։

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկելով  եկեղեցւոյ բիւրեղացումի մասին՝  սկսեալ մեր անձերէն,. հաստատեց թէ մենք ամէնքս մեղաւորներ ենք եւ  մէկը չկայ որ մեղաւոր չի նկատուիր եւ   ասոր համար հարկաւոր է որ մշտապէս մաքրուինք ու բիւրեղացնենք նաեւ թեմական հասարակութիւնը քրիստոնեայ հասարակութիւնը ու Եկեղեցւոյ  տիեզերական հասարակութիւնը,  որպէսզի զայն աճեցնենք ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.