2017-11-07 09:25:00

Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպած է Ւսրայէլի Քնեսէթի փոխխօսնակին


Հայ-իսրայէլական յարաբերութիւններու զարգաման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, ապակենտրոնացուած փոխգործակցութիւնը, մշակութային շփումներու աշխուժացումն ու զբօսաշրջութեան խթանմանն առնչուող շարք մը հարցեր քննարկած են Նոյեմբեր 6-ին Թել-Ավիւի մէջ  ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ Իսրայէլի Քնեսէթի փոխխօսնակ, Հայաստան-Իսրայէլ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թալի Փլոսքով:

Էդուարդ Նալպանտեան ընդգծած է միջխորհրդարանական կապերու յետագայ ընդլայնման կարեւորութիւնը` արժեւորելով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերու համագործակցութիւնը, «Հայաստան–Իսրայէլ» հասարակական ֆորումի գործունէութիւնը:

Անդրադարձ կատարուած է հայ-հրէական պատմական առնչութիւններուն, Իսրայէլի հայկական համայնքին եւ Հայաստանի հրէական համայնքի գործունէութեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Իսրայէլի Քնեսէթի փոխխօսնակը մտքեր փոխանակած են  շարք մը հրատապ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.