2017-10-21 12:55:00

Երուսաղեմի Յոյն օրթոտոքսներու Պատրիարք Թեոֆիլոս Գ Վատիկանի մէջ. հաղորդագրութիւն:


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, քրիստոնեաներու միութեան զարգացման Քահանայապետական խորհուրդի հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ 22-էն 25 հոկտեմբեր 2017-ին, Երուսաղեմի  յոյն օրթոտոքսներու  գերերջանիկ Թեոֆիլոս Գ  Պատրիարքը  կը ժամանէ Հռոմ ու այս առթիւ,  երկուշաբթի, 23 հոկտեմբերին  հանիդպում պիտի ունենայ  Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ 

Պատրիարքին պիտի ընկերանան Պատրիարքութեան քարտուղարութեան պէտ՝  Արիսթարքոս Արքեպիսկոպոսը,  Աւագ Սարկաւագ Մարքոս եւ  Տիարք՝ Ռամի եւ Էլիաս Մողրապի։  

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Թեոֆիլոս Գ Պատրիարքը , անցեալին , երկու անգամ  հանդիպած են իրարու,  առաջինը՝ 2014-ին մայիս ամսոյն, Ֆրանիչսկոս Պապին Երուսաղեմ կատարած ուխտագնացութեան ժամանակ , երկրորդը միեւնոյն տարուան յունիս ամսուայ ընթացքին, Վատիկանի  պարտէզներու մէջ կայացած աշխարհի  խաղաղութեան համար աղօթք ձեռնակի առթիւ։

Թեոֆիլոս Գ պատրիարը Հռոմ կեցութեան ժամանակ  հանդիպում պիտի ունենայ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ինչպէս նաեւ Գերապայծառ Փոլ Կալլակերի հետ ։ Պատրիարքն ու իրեն  ընկերացող պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպին նաեւ քրիստոնեաներու միութեան  զարգացման Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ ՝, Կարդինալ Քուրդ Քոխի հետ ինչպէս  նաեւ Քահանայապետական միջ-կրօնային  երկխսօութեան խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Ժան Լուիս Թոռանին հետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.