2017-10-21 11:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աստուծոյ ժողովուրդը կը սիրէ տեսնել որպէս եղբայրներ ապրող քահանաներ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 21 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը Ափարեսիտայի Տիրամօր երեւման 300րդ ամեակին առթիւ առաքելական պալատին մէջ ընդունեց  Հռոմի  Պրազիլեան Քահանայապետական վարժարանի քահանայից հասարակութիւնը եւ անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ մատնանշեց վարժարանի հիւրընկալ միջավայրին որ կ՛օգնէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «դիմագրաւելու դժուարութիւնները երբ  կը գտնուիք հեռու ձեր տուներէն, ձեր ժողովրդապետութիւններէն ու հովուական խնամակալութեան վայրերէն»։ 

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները յատուկ ուշադրութիւն տանելու հոգեւոր, ակադեմիական, մարդկային ու հովուական ծաւալին, զգուշացնելով զանոնք չ՛իյնալու փորձութեան մէջ,  դիտել տալով թէ անոնք վարժապետներ եւ ուսուցիչներ ըլլալէն առաջ կը մնան քահանաներ, եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հովիւներ։

Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշեց վերոնշեալ ծաւալներու միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելու անհրաժեշտութեան, մեկնելով քահանայական եղբայրութենէն որ է, ըսաւ Ան, մնայուն կազմաւորման հիմնական ողնաշարը։ «Այս կը նշանակէ թէ մեր հովուական եղբայրսիրութեան խնդրոյ առաջին առարկան ըլլալու է քահանայութեան մեր եղբայրը։ Միասին աղօթել, միասին կիսել կեանքի ուրախութիւնը ու կեանքի մարտահրաւէրները, միասին ապրիլ որպէս մէկ ընտանիք, եղբայրներ, առանց եւ ոչ մին բացառելու, ներառեալ անոնք որոնք տագնապներու մէջ են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ. «Աստուծոյ ժողովուրդը կը սիրէ ու կը փափաքի տեսնել թէ քահանաները իրար կը սիրեն ու կ՛ապրին որպէս եղբայրներ, յատկապէս Պրազիլի մէջ որ կ՛ապրի ազգային պատմութեան դժուար պահեր, ուր բազմաթիւ մարդիկ կորսնցուցած են աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը ի տես ընկերային հսկայական խնդիրներուն եւ  աղմկայարոյց կաշառակերութեան»։

«Պրազիլը պէտք ունի որ քահանաները ըլլան նշան յոյսի եւ պրազիլցիները պէտք ունին տեսնել միացած կղեր մը, եղբայրական ու զօրակից, ուր անոնք միասնաբար կը դիմագրաւեն խոչընդոտները, առանց իյնալու գլխաւոր դերակատարի կամ անձնական յաջողութիւններ ձեռք բերելու փորձութեան մէջ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «այս ընելու համար հարկաւոր է վստահիլ մեր Երկնային Մօր հովանիին որ դուք պրազիլցիներդ կը կոչէք Ափարեսիտայի Տիրամայր»։ Թող որ Ան ապաւէն կանգնի ձեզի ու ձեզ օգնէ քահանայական եղբայրութեան մէջ ու այնպէս ընէ որ Հռոմի մէջ ձեր մասնագիտական դասընթացները ըլլան պտղաբեր, ակադեմիական տիտղոսէն անդին – ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հայցելով նաեւ որ Տիրամայրը թիկունք կանգնի Պրազիլեան վարժարանի հասարակութեան որպէսզի ան դառնայ եղբայրութեան դպրոց ու իւրաքանչիւրը ըլլայ միութեան թթխմոր՝ որմէ սնունդ կ՛առնէ քահանայութեան եղբայրութեան փորձառութիւնը, ապա բոլորին շնորհեց առաքելական օրհնութիւններ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.