2017-10-20 13:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը ի լուր Տանֆնէ Կալիցիա լրագրողուհիի սպանութեան։


(Ռատիօ Վատիկան)  Անցեալ օրերուն Մալթայի մէջ տեղի ունեցած  Տաֆնէ Կարուանա Կալիցիայ լրագրողուհիին  սպանութեան ի լուր,  ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար ՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցագիր  յղեց Մալթայի Թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Շարլ Շիքլունայի որուն մէջ ծիրանաւորը գրած է.  «Ֆրանչիսկոս  Պապ,  Տաֆնէ Կալիցիայ լրագրողուհիին  դաժան սպանութեան  ի լուր, աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած հանգուցեալին  հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար  ապա  կը խնդրէ իր ցաւակցութիւնները փոխանցել  հանգուցեալին հարազատներուն։ 

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին ապա նշած է թէ Ֆրանչիսկիոս Պապ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ  Մալթայի բնակչութեան  եւ այս դժուար պահերու ընթացքին Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցէ Մալթայի ժողովուրդին վրայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.