2017-10-19 13:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Chartreux" հաստատութեան խումբ մը ուսանողներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի Chartreux" հաստատութեան 80 ուսանողներ, որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին  մշակութային եւ հոգեւոր բնոյթ ունեցող  կազմակերպուած  շրջապտոյտին։     

Ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիկսոս Պապ անդրադարձաւ աշակերտներուն  կազմաւորման ուսումնական յայտագիրին,  որուն նպատակն է պատրաստել  շուկայական  եւ վաճառական մարդիկ , իր գոհունակութիւնը յայտնելով մարդկային, իմաստասիրական եւ հոգեւոր ծաւալ ունեցող ակադեմական  կազմաւորման յայտագիրին համար ։    

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց աշակերտներուն՝ ձերբազատուիլ դրամի հմայքէն եւ  անոր ստրկութենէն,  ու քաջալերեց զանոնք կազմաւորուիլ որպէսզի դառնան հաւասարութեան պաշտպան ու խթանողներ, ինչպէս նաեւ մեր հասարակաց տան՝ այսինքն աշխարհի պատշաճ արդար մատակարարութեան մը արհեստաւորներ։

Ֆրանիչսկոս Պապ ապա ակնարկելով  Հռոմ քաղաքի պատմութեան, որ յատկանշուած է  իմաստուն մարդոց գործերով, խրախուսեց երիտասարդները,  որ իրենց կարգին եւս պատմութեան մէջ թողուն իրենց հետքերը։   

Ան դիտել տուաւ որ պէտք են քաջութիւնը ունենալ իրենց ապագան որոշելու եւ երբեք չմոռնան,  որ աղքատութեան դէմ ամէն անարդարութիւն բաց վէրք մըն է, որ կը նուաստացնէ  իրենց  արժանապատուութիւնը։

Սրբազան Հայրը ներկաներուն յորդորեց նաեւ ժամանակ եւ միջոցներ տրամադրեն եղբայրութեան ուղիներու վրայէն ընթանալուն համար, ինչպէս նաեւ  կառուցելու համար  մարդոց միջեւ  կամուրջներ եւ ոչ թէ  պատնէշներ,  ապա  այս հեռանկարով Սրբազան   Հայրը հրաւիրեց աշակերտներուն միջեւ գնուող քրիստոնեաները, աղօթքի միջոցաւ Յիսուսի հետ միշտ միացած մնալ եւ  սորվիլ՝ ամէն բան Աստուծոյ վստահիլ, որպէսզի  յուսահատութեան փորձութեան չենթարկուին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց բոլորը յանձնելով Տիրոջ հովանիին,  որպէսզի կարենան մշակել հանդիպումի եւ բաժնեկցութեան մշակոյթ մը՝ մարդկութեան միակ ընտանիքին ծոցէն ներս, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։   








All the contents on this site are copyrighted ©.