Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած երկու պայթումներուն զոհերուն թիւը նկատառելի աճ արձանագրեց: Զոհերուն թիւը բարձրացաւ 230-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 200-ի:
Շաբաթ օր Մոկատիշուի հարաւային շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ, որմէ ետք առատ հրացանաձգութիւն արձանագրուեցաւ եւ մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ այլ պայթումներու ձայներ լսուեցան:
Առաջին պայթումը արձանագրուեցաւ կառավարական գրասենեակներու, պանդոկներու եւ ճաշարաններու մօտ գտնուող խճողուած թաղի մը մէջ: Առաջին պայթումէն շուրջ երկու ժամ ետք այլ պայթում մը հարուածեց մայրաքաղաքի Մատինա Մունաուարա շրջանը:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Արաբական լիկան եւ Ազհարը դատապարտեցին Սոմալիի մայրաքաղաքը հարուածած ականահարումները:
All the contents on this site are copyrighted ©. |