2017-10-12 09:17:00

Սպանիա իր դիրքը յստակացնելու հնգօրեայ պայմանաժամ կու տայ Քաթալոնիոյ


ՄԱՏՐԻՏ, ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, «Պի.Պի.Սի.».- Սպանիոյ կառավարութիւնը Հոկտեմբեր 11ին յայտարարեց, թէ Քաթալոնիա 5 օր ունի յստակացնելու համար, որ անկախութիւն պիտի հռչակէ՞ թէ ոչ, այլապէս՝ սպառնաց վերջ տալ շրջանին ինքնավարութեան իրաւունքին։

Հոկտեմբեր 10ի երեկոյեան, Քաթալոնիոյ տեղական կառավարման խորհուրդի նախագահ Քարլես Փուխտեմոն եւ այլ տեղացի ղեկավարներ իրենց ստորագրութիւններով պաշտօնականացուցած էին Հոկտեմբեր 1ին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքը, ըստ որուն՝ շրջանը կրնար անկախութիւն հռչակել։

Միաժամանակ, Փուխտեմոն յայտարարեց, թէ Քաթալոնիա պատմական պահեր կ՛ապրի ու պիտի շարունակէ ընթանալ անկախութիւն հռչակելու ուղիով։ «Քուէատուփը «այո՛» ըսաւ անկախութեան, եւ ես այդ որոշումով յառաջ պիտի ընթանամ։ Բայց անկախութեան հռչակումը քանի մը շաբաթով պիտի ուշանայ, քանի որ կը փափաքինք խելամիտ երկխօսութիւն ու միջնորդութիւն ունենալ Սպանիոյ հետ», ըսաւ Քաթալոնիոյ առաջնորդը, որ հանրաքուէին յաջորդ օրն իսկ յայտնած էր, թէ անկախութիւնը քանի մը օրէն պիտի հռչակուի։

Փուխտեմոն շրջանային խորհրդարանէն խնդրեց առկախել քուէարկութեան արդիւնքը, որպէսզի անմիջապէս անջատուելու փոխարէն՝ կարելի ըլլայ բանակցութիւններու ձեռնարկել: Ան յայտնեց, թէ յետաձգումի որոշումը տրուած է, քանի որ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու կոչեր հնչած էին Եւրոպայի բազմաթիւ ազդեցիկ առաջնորդներու կողմէ։ Միաժամանակ, ան դատապարտեց Սպանիոյ կառավարութեան որդեգրած վայրագ քայլերը։

«Մենք բոլորս նոյն համայնքին մաս կը կազմենք եւ պէտք է միասին յառաջ ընթանանք: Յառաջ ընթանալու միակ ուղին՝ ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած է», ըսաւ ան Քաթալոնիոյ խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.