2017-10-11 09:52:00

Այս պայմաններուն մէջ պատրիարքական ընտրութիւն պիտի չկատարուի. Շիրինօղլու


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ, պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի հրաւէրով կայացաւ համայնքային հաւաք մը, որուն ընթացքին, ի միջի այլոց, խօսուեցաւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կատարած պարտականութեան ու պետութեան հետ միջնորդութեան մասին։ Կը թուի, թէ այս մասին խօսուածները աւելի ուշ սխալ կերպով փոխանցուած են Շիրինօղլուին, հետեւաբար, անցած շաբաթավերջին Պէքճեան սրբազանը փափաքած է նոր հանդիպում մը ունենալ Շիրինօղլուի հետ՝ յստակացնելու համար կացութիւնը։

Արդարեւ, սրբազանն ու Շիրինօղլուն, Պոլսոյ ազգային դէմքերէն՝ Պօղոս Եըլանի նախաձեռնութեամբ, երկարատեւ հանդիպում մը ունեցան։

Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւած ժողովէն ետք, Շիրինօղլու բացատրեց իր տեսակէտները, ըստ որոնց՝ մեր համայնքէն ներս համերաշխութիւն պէտք է հաստատուի եւ՝ «ա՛յդ կերպով պէտք է ներկայանանք կառավարութեան»։

Շիրինօղլուի խօսքերով՝ տրուած ըլլալով, որ ինք հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ է, պետական շրջանակները իրեն հետ կապ կը հաստատեն՝ հայ համայնքի գործերուն կապակցութեամբ, իսկ ինք եւս այս առիթէն օգտուելով՝ կը ջանայ լաւագոյն ծառայութիւնը մատուցել համայնքին. ան աւելցուց. «Կը յուզուիմ, երբ իմ մասին սխալ ու անիրաւ խօսակցութիւններ կը կատարուին»։

Շիրինօղլու յստակ կերպով ըսաւ, թէ այս պայմաններուն մէջ պատրիարքական ընտրութիւն երբե՛ք պիտի չկատարուի։ «Պետութիւնը

անհանգիստ է Արամ սրբազանի փոխանորդի պաշտօնին ջնջումէն, ինչպէս նաեւ Մեսրոպ պատրիարքի պատրիարքական պաշտօնին վերջ տալէն, կամ՝ «Մեր պատրիարքը կ՛ուզենք» կոչուած հարթակին մէջ կատարուած խօսակցութիւններէն։ Պատրիարքը ո՛ղջ է տակաւին, ու պետութիւնը կը սպասէ, որ Արամ սրբազանն ու Սահակ սրբազանը (Մաշալեան, Խմբ.) քով քովի գան, իրարու հետ համաձայնին, որպէսզի Արամ սրբազան դեռ գործէ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ, իսկ Սահակ սրբազանն ալ գործէ իբրեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ։ Պէտք է գիտնանք, որ պատրիարքական ընտրութեան արտօնութիւն երբե՛ք պիտի չգայ», ըսաւ Շիրինօղլու։

Միւս կողմէ, այս մասին Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով՝ Արամ արք. Աթէշեան ըսաւ, որ պատրիարքի տեղապահին հեռացումէն եւ ներկայ նախաձեռնարկ մարմինին լուծումէն ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ ընտրութիւնները իրենց հունին մէջ դնել։

«Ակօս» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նախաձեռնարկ մարմինի որոշ անդամներուն նկատմամբ վերապահութիւններ ունին, իսկ տեղապահի ընտրութիւնը ցարդ չեն վաւերացուցած:

Պոլսոյ նահանգապետարանը պէտք է մինչեւ Հոկտեմբեր 9 պատասխան տար պատրիարքական ընտրութիւնները կազմակերպող նախաձեռնարկ մարմինին կողմէ անցած Յուլիսին կատարուած դիմումին, սակայն ցարդ պատասխան չէ ստացուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.