2017-10-10 14:18:00

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Միանմար Եւ Պանկլատէշ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կայքին վրայ հրապարակուեցաւ  Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 26  նոյեմբերէն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 2017-ին ՝  Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը ։

Կիրակի 26 նոյեմբերին,  երեկոյեան ժամը՝ 9-40-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն   կը մեկնի դէպի Միանմարի՝ Եանկոն մայրաքաղաք  ուր կը ժամանէ  երկուշաբթի, 27 նոյեմբերի , կէսօրէ ետք ՝ ժամը 1.30-ին եւ   ուր տեղի կ՛ունենայ  Նորին Սրբութեան ի պատիւ  պաշտօնական  ընդունելութիւն ապա հանգիստ։

Երեքշաբթի, 28 նոյեմբերին,  ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւով կը փոխադրուի Նայ Փյի Թաու Քաղաք, ուր ՝առաւօտեան,  նախագահական պալատին մէջ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի  պաշտօնական արարողութիւնը, ապա քաղաքավարական այցելութիւն նախագահին   հուսկ հանդիպում երկրի իշխանութիւններուն,  քաղաքացիական ընկերութեան , եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ,  որոնց Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ իր պատգամը ու  երեկոյեան ժամը 7.25ի, վերադարարձ կը կատարէ  մայրաքաղաք ։

Չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերի օրակարգը կը սկսի  առաւօտեան 9.30-ին  Ֆրանչիսկոս Պապին  Kyaikkasan անուան մարզադաշտին մէջ մատուցած սուրբ պատարագով մինչ  յետմիջօրէին՝ նախատեսուած են հանդիպումներ Պուտսիթ վանականներու ՝ «ՍԱՆԿհԱ»   բարձրագոյն խորհուրդին անդամներուն հետ ապա Միանմարի եպիսկոպոսներուն հետ։

Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին Սան Մարի անուան  մայր տաճարին մէջ  Ֆրնաչիսկոս Պապ  կը գլխաւորէ երիտասարդներու սուրբ՝ պատարագը որու աւարտին հրաժեշտ կ՛առնէ Միանմարէն եւ կ՛ուղղուի Պանկլատէշի  Տաքա մայրաքաղաք, ուր կը ժամանէ յետմիջօրէի 3-ին ու մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ կայացած բարի գալուստի արարողութենէն ետք  կ՝այցելէ «Սաւարի» անուան  մարտիրոսներու ազգային յուշահամալիր, որմէ ետք կ՛ուղղուի՝ Նախագահական պալատ ուր հանդիպում կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահին ու երկրին իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։  

Ուրբաթ 1 դեկտեմբեր 2017-ին։  Տաքա մայրաքաղաքի  Սուհրավարտի Ուտյան  անուան հանրային պարտէզին մէջ ֆանչիսկոս Պապ սուրբ Պատարագը կը մատուցանէ , որուն ընթացքին կը մատակարարէ նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան խորհուրդը ։

Յետմիջօրէին , Տաքայի  Պապական նուիրակի պալատէն  ներս ֆրանչիսկսո Պապ կը հանդիպի երկրի վարչապետին հետ,  որմէ ետք կ՝այցելէ քաղաքի մայրը տաճարը, ապա  Պանկլատէշի քահանաներու ծերանոցէն ներս  հանդիպում կ՝ունենայ  երկրի  եպիսկոպոսներուն հետ որուն աւարտին  Տաքայ Արքեպիսկոպոսարանի պարտէզին մէջ  կը մասնակցի   խաղաղութեան ի սպաս ՝ միջ-կրօնային եւ համամիութենական հանդիպումին։

Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին,-  առաւօտեան,  Նորին Սրբութիւնը   առանձնական այցելութիւն կը  շնորհէ    Թեժկաօնի Մայր Թերեզայի տան ապա , Սուրբ Վարդարանի  անուան եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի քահանաներուն, կրօնաւորներուն, եւ նորընծաներուն հետ որուն աւարտին կ՝այցելէ ժողովրդապետութեան  հին եկեղեցին եւ գերեզմանատունը մինչ յետմիջօրէին Տաքայի Նոթր Տամ անուան վարժարանին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ երիտասարդներուն հետ որով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապի   Պանկլատեշ կատարած առաքելական  ճամբորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Տաքքայի միջազգային  օդակայան եւ այնտեղ կայացած  հրաժեշտի պաշտօնական  արարողութենէ ետք կը բարձրանայ օդանաւ եւ կ՛ուղղուի Հռոմի Չիամբինօ օդակայան ուր ժամանումը նախատեսուած է 2 դեկտեմբերի երեկոյեան՝ 11.00ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.