2017-10-10 11:35:00

Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին մԷջ հնչեցին հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգային երգեր


Հոկտեմբեր 7-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամենպատիւ Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հովանաւորութեամբ Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Կիպրոսի «Ս. Աստուածածին» երգչախումբի համերգը:

Հնչած են հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգային երգեր:

Համերգն աւարտած է Կիպրոսի Հայ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խորէն արքեպիսկոպոս Տողրամաճեանի փակման եւ օրհնութեան խօսքով:

Այնուհետեւ, հոկտեմբեր 8-ին, Երուսաղէմի Հայ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հովանաւորութեամբ Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ կայացած է «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» խումբի համերգը` մայեսթրօ Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարութեամբ:

Երգչախումբը նոյնպէս կատարած է հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգային երգեր:

Համերգի աւարտին փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս  եկած է Հոգեշնորհ Տէր Էմմանուէլ վարդապետ Աթաճանեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.