2017-10-09 10:31:00

9 ամսուան մէջ Վանի Աղթամար կղզի այցելած է 109 հազար զբօսաշրջիկ


2017 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին Վանի Աղթամար կղզի այցելած է 109 հազար զբօսաշրջիկ: Այս մասին տեղեկացնող թրքական «Cumhuriyet» թերթի փոխանցմամբ` 2017 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամսիներուն  կղզի այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը նախորդ տարուան համեմատ աճած է 25.5 տոկոսով: 2016 թուականին Աղթամար այցելած էր 82 հազար զբօսաշրջիկ:

Վանի մէջ զբօսաշրջային աշխոյժ շրջան կը համարուին ամրան ամիսները, երբ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն կղզի:

Ըստ թերթի` պատմական հայկական եկեղեցիով նշանաւոր դարձած կղզի այցելող զբօսաշրջիկներու մեծամասնութիւնը իրանցիներ են:

Յիշեցնենք, որ Աղթամար կղզիին վրայ կը գտնուի 10-րդ դարու Գագիկ Արծրունի թագաւորի կողմէ կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին:  Անիկա յայտնի է իր որմնանկարներով եւ զարդաքանդակներով:

Թրքական իշխանութիւնները 2007-ին վերանորոգած են եկեղեցին, որ կը գործէ իբրեւ թանգարան: Կրօնական ծիսակատարութիւն կը թոյլատրուի կատարել տարին մէկ անգամ` Սեպտեմբերին` Խաչվերացի տօնին յաջորդող կամ նախորդող Կիրակին: Սակայն վերջին երկու տարուան ընթացքին քիւրտերու եւ թրքական ուժայիններու միջեւ բախումներու հետեւանքով եկեղեցիին մէջ պատարագ չէ մատուցուած:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.