2017-09-29 12:00:00

«Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 2018-ի համաշխարհային օրուայ նիւթը։


(Ռատիօ Վատիկան) 29 սեպտեմբեր 2017-ին, Ռատիովատիկանի պաշտպան սուրբ՝ Գաբրիէլ հրեշտակապետի տօնին առթիւ, հրապարակուեցաւ 2018-ի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու 52րդ համաշխարհային օրուան բնաբանը՝ քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ (Յովհ 8,32)։ Սուտ լուրեր ու խաղաղութեան լրագրութիւն» ։

Յայտնենք թէ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու  համաշխարհային օրը ամէն տարի կը նշուի համբարձման տօնին կիրակի օրը՝  որ այս անգամ  կը զուգադիպի 13 մայիս 2018-ին։

Այս առթիւ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ նշուած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին 2018-ի ընկերային հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային 52-րդ օրուան ընտրած նիւթը կը հայի այսպէս կոչուած «fake news» այսինքն ««սուտ կամ սխալ լուրերուն», անհիմն տեղեկութիւններ որոնք կը սատարեն յառաջացնելու կարծիքներու զօրեղ վաւերացում։ Երեւոյթ մը որ կարող է հետեւանքներ ունենալ ըլլայ անհատական ըլլայ հաւաքական վարուելակերպին վրայ եւ որ մտահոգութիւն յառաջացուցած է՝ ըլլայ «ընկերային ցանցերով» զբաղող հաստատութիւններու, ըլլայ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու մօտ, որոնք սկսած են քննարկել հարցը զայն դիմագրաւելու համար, եւ այս առընչութեամբ է որ Եկեղեցին եւս կ՛ուզէ իր նպաստը բերել, առաջարկելով խորհրդածութիւն մը՝ հարցին պատճառներու, տրամաբանութեան ու ապատեղեկատուութեան յառաջացուցած հետեւանքներու մասին, սատարելով  արհեստավարժ լրագրութեան խթանումին, որ միշտ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, ուստի խաղաղութեան լրագրութիւն մը\ որ կը խթանէ ու կը զարգացնէ մարդոց միջեւ հասկացողութիւնը։

Նշենք թէ  Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային օրը միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի կողմէ, 1963-ին` «Ինթեր Միրիֆիքա» հրամանագիրով եւ ամէն տարի կը տօնախմբուի Պենտեկոստէի կիրակիէն մէկ կիրակի առաջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամը աւանդութեան համաձայն կը հրապարակուի լրագրողներու պաշտպան սուրբ\ Սուրբ Ֆրանչէսքօ Տէ Սալէսի տօնին օրը՝ 24 յունուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.