2017-09-24 09:00:00

Կիրակի 24 Սեպտեմբեր 2017 Բ. Կիրակի Խաչէն ետք - Մարկոս 10, 1-12


Ինչ որ Աստուած միացուց` մարդը թող չբաժնէ

Քրիստոս կը նմանցնէ ընտանիքի կազմութիւնը նոր ստեղծագործութեան մը։ Ան Աստուծոյ գործն է, ուստի տրուած չէ մարդուն Տիրոջ գործը փճացնել։ Այր եւ կին իրար կը ծանօթանան, իրարու կը հաւնին եւ կ՛որոշեն իրարու միանալ, այսինքն ամուսնանալ, կազմելու համար նոր հասարակութիւն մը, նոր ընկերութիւն մը, որ կը կոչուի ընտանիք, որմէ յառաջ պիտի գան արարածներ որոնք գոյութիւն պիտի ստանան այս երկու անձերու գործակցութեամբ, սակայն Աստուծոյ ստեղծագործութեամբ, այն որ կը ներշնչէ հոգին ամէն նորածինի մարմնին մէջ։

Եկեղեցին երբ բարձրացուց ամուսնութիւնը եւ զայն դասեց 7 խորհուրդներու շարքին, լիովին իրազեկ էր թէ ան աստուածային հաստատութիւն մըն է, շեշտուած եւ  կատարելագործուած Քրիստոսի պատգամով, որով մարդ կը ստանայ շնորհքը Տիրոջ, որ կը ներգործէ իր մէջ, բոլոր կեանքին ընթացքին։ Ամուսնութիւնը կը դասուի հաւասար մկրտութեան, սուրբ հաղորդութեան եւ քահանայական կարգին, որով կարելի չէ զայն ստորագնահատել, տրուած ըլլալով որ հաստատուած է աստուածային իշխանութեամբ։         Յիսուս երբ կ՛ըսէ թէ երկուքը մէկ պիտի ըլլան, խորհրդաւոր ձեւով  ամուսնութեան միութիւնը կը նմանցնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան միասնականութեան. Ինչպէս որ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին երեք անձեր ըլլալով հանդերձ` կը կազմեն մէկ աստուածութիւն, նոյնպէս ալ այրը եւ կինը` թէպէտ երկու տարբեր անձեր են, սակայն ամուսնութեամբ կը դառնան մէկ մարմին։ Իսկապէս մեծ է այս խորհուրդը, ինչպէս որ կը բացագանչէ Սուրբ Պօղոս, երբ կու տայ հիմերը քրիստոնէական ամուսնութեան եւ բարոյական սկզբունքները քրիստոնեայ ընտանիքին։

Մինչ միութիւնը Աստուծմէ կու գայ, բաժանումը կու գայ մարդոցմէ. Այն զոյգերը որոնք չեն յաջողիր պահել այս միասնականութիւնը իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին` չգտնելով Եկեղեցւոյ մէջ կարելիութիւնը զիրենք բաժնելու, կը դիմեն պետական հաստատութիւններու, որոնք արդէն գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ` սահմանած են օրէնքներ ապահարզանի, որով աստուածային հաստատութիւն մը կը բաժնեն եւ կը քայքայեն այսպէսով ոչ թէ միայն ընտանիքի եւ ամուսնութեան հիմերը, այլ ամբողջ ընկերութեան մը հիմերը, որովհետեւ ամուսնութիւնը այն հաստատութիւնն է որ առողջ կը պահէ ազգի մը կառոյցը եւ պետութեան մը ամբողջ հիմնարկը։

Բաժանումի հետեւանքները ծանր են բոլոր ընկերութեան համար. Մինչդեռ ամուսնութեան դժուարութիւնները  աւելի դիւրաւ կրնային լուծումներ գտնել, բաժա-նումի յառաջ բերած բարդութիւնները կը թունաւորեն ոչ միայն բաժնուած ընտանիքը, այլ նաեւ ամբողջ գերդաստան մը եւ նոյնիսկ մարդկային համայն ընկերութիւնը։ Աստու-ծոյ կազմած միութիւնը էական է եւ շնորհաբեր մարդոց համար, իրենց բոլոր կեանքի ընթացքին, ի հեճուկս իրենց կրելիք բոլոր դժուարութիւններու. Իսկ մարդուն թոյլատրած բաժանումը կը վնասէ մարդոց ու կը վտանգէ անոնց կեանքի բոլոր ընթացքը։

Մեր խնդրանքն է Տիրոջմէ որ մեր բոլոր ընտանիքներուն պարգեւէ հարկ եղած շնորհքը, որպէսզի իմաստութեամբ կառավարեն իրենց ընտանիքը, զայն պահելով միասնականութեան մէջ, որպէսզի ան ըլլայ սուրբ եւ անարատ եւ պահէ զիրենք կեանքի բոլոր խոչընդոտներէն. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.