2017-09-19 13:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Յիսուսի հայեացքը միշտ սրտէն կը բխի, լի է կարեկցութեամբ»։


«Ռատիօ Վատիկան» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամներուն մէջ ստէպ կʼանդրադառնայ «կարեկցութեան» եւ «իրարու մերձենալու» նիւթերուն։ Սրբազան Հայրը յիշեալ նիւթերը շօշափեց նաեւ երեքշաբթի, սեպտեմբեր 19ի առաւօտեան քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան Ս. Պատարագի ընթերցուածները, Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղած առաջին նամակէն (Ա. Տիմ Գ. 1-13) եւ Ղուկասի Աւետարանէն (Ղուկ Է. 1-17)։

Սուրբ Աւետարանը կը պատմէ Նայինի այրի կնոջ որդիի յարութեան մասին։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, թէ Հին Կտակարանի մէջ գերիներէն ալ աւելի աղքատ էին այրիները, որբերը, օտարականները եւ պանդուխտները։ Ասոր համար ան կը հրաւիրէ հոգ տանիլ անոնց, որպէսզի կարենան մաս կազմել ընկերութեան։ Յիսուսի հայեացքը միշտ սրտէն կը բխի, լի է կարեկցութեամբ։

Կարեկցութիւնը զգացում մըն է, որ կընդգրկէ, սրտի մէկ զգացումն է, որ կը ներգրաւէ բոլորը։ Յիսուսի աչքերը կը դիտեն կարեկցութեամբ, կʼընդգրկեն բոլորը։ Յիսուսի համար այրի կինը եւ անոր մեռեալ զաւակը աւելի կարեւոր են քան ամբոխը։ Յիսուսի կարեկցութիւնը կը մղէ Զայն «մօտենալու» այրի կնոջ։ Պէտք է «մօտենալ եւ շօշափել իրականութիւնը. չդիտել զայն միայն հեռուէն» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Յիսուս կը գթայ, ապա կը մօտենայ եւ վերջապէս կը գործէ հրաշքը։ Մանուկին յարութիւն տալէ ետք Յիսուս չի  մեկնիր, Ան կը շարունակէ իր երթը՝ մանուկը վերադարձնելով անոր մօր։ Աստուած մեր հետ այսպէս կը վարուի՝ կարեկցութեամբ կը մօտենայ մեզի եւ մեզ կը վերադարձնէ Աստուծոյ զաւակներու արժանապատութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը յորդորէ, որ հետեւինք Քրիստոսի օրինակին։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ աշխարհի չորս կողմ կատարուած ողբերգութիւնները, որոնց կը հետեւինք հեռուստացոյցի կամ մամուլի միջոցաւ, ապա կը դարձնենք էջը տեսնելու յաջորդ լուրը. սակայն այս «քրիստոնէական կեցուածք» չէ՝ կը նկատէ Սրբազան Հայրը։

Քարոզի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը յորդորէ որ բաեխօսութեան կամ «միջնորդութեան աղօթքով» եւ մեր «գործերով» պէտք է կարող ըլլանք օգնել այն մարդոց, որոնք կը տառապին, մինչեւ անոնք «վերադարձուին ընկերութեան», «ընտանեկան կեանքի», «աշխատանքի»՝ «առօրեայ կեանքին»։

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.