2017-09-18 13:57:00

Սուգ եւ Հոգեհանգիստ


Քրիստոնեաներ սովոր են աղօթել ննջեցեալ հոգիներուն համար, որպէսզի Աստուած ողորմի անոնց եւ անոնք արժանանան Աստուծոյ արքայութեան, հասնելով յաւիտենական երջանկութեան։ Բացի Սուրբ Պատարագի, ժամերգութեան եւ այլ արարողութիւններու մէջ կատարուած աղօթքներէն, ունինք նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն ննջեցեալներու համար, իսկ Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար տօներու յաջորդող օրը կը կատարենք մեռելոց օր։ Որեւէ անհատի համար կարեւոր է, որ հանգուցեալ հարազատի հոգին արժանանայ Աստուծոյ ողորմութեան։ Ննջեցեալներու համար մատուցուած աղօթքներուն եւ թաղման ծէսերուն կʼընկերանան նաեւ սուգի զանազան արտայայտութիւններ։ Գրիգոր Տաթեւացի խօսելով սուգ ընելու մասին, մեզի կը հաղորդէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ, թէ սուգի ինչպիսի սովորութիւններ ունեցած է հայ ժողովուրդը, եւ կու տայ իւրայատուկ բացատրութիւններ։ Ան կը յիշէ սուգ ու կոծ, հագուստը պատռել, գլխուն հող ցանել, գլուխն ու կուրծքը ծեծել եւն.։

Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ սուգի զանազան ձեւերը կʼարտայայտեն «մեր սրտի հրաբորբ ջերմը, որ դուրս կու գայ կոկորդէն՝ արտասուքով, եւ կʼարտայայտուի ձայներու հառաչումով, եւ աղէողորմ ողբով։ Դարձեալ կը նշանակէ, որ մեռելներու հեռանալէն յետոյ մեր ուրախութիւնը կը վերածուի սուգի եւ մերկութեան, եւ սեւ հագուստներու, մութ տուներու եւայլն։ Դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ կցորդ կʼըլլանք հանգուցեալ սիրելիին եւ կը չարչարենք մեր մարմինը, մերկանալով, սով ու ծարաւով, մութի եւ հողի մէջ, ինչպէս մեռեալը գերեզմանի մէջ։

Սուգ ընելը ցոյց կու տայ մեր առաջին անկումը լուսազարդ կեանքէն դէպի աշխարհ՝ տրտմութեամբ եւ մահու ցաւով մեռեալ եւ հողի վերածուած։ Եւ այս պտուղի ճաշակման պատճառաւ է, որ չենք ուտեր եւ զգեստներէ կը մերկանանք, եւ մազերը կը փետենք, եւ գլխուն վրայ հող կը ցանենք, եւ մութի մէջ կը բնակինք եւ այլն։

Իսկ գլխուն հող կը ցանենք նկատելով գլուխը իբր միտք՝ որ Աստուծմէ ինքնիշխան եղաւ եւ հնազանդեցաւ հողակեր օձին եւ մահացաւ։ Ասոր համար մարդ սուգի ժամանակ հող կը ցանէ իր գլխուն եւ մեռելին վրայ։ Նաեւ տխուր կերպով ձեռքը ծնօտին դնելով, ձեռքը ձեռքով ծեծելով, սրունքին բարձերը, գլուխը, երեսը եւ կուրծքը խփելով – որովհետեւ սիրտը ցանկացաւ, ոտքը ընթացաւ դէպի ծառը, ձեռքը քաղեց պտուղը, գլուխը խոնարհեցաւ, երեսը ամչցաւ։ Եւ այս վերածուեցաւ մեր մարդկային բնութեան։ Նոյնն է մեռելներու համար սուգ բռնելը։»

Բացատրելէ ետք եօթնօրեայ, քառասնօրեայ եւ տարելիցի հոգեհանգիստ կատարելու սովորութիւնը, Գրիգոր Տաթեւացի կʼաւելցնէ՝ «մենք կը քաւենք հանգուցեալներու մեղքերը, եւ ոչ անոնք։ Եւ թէեւ ամէն մեղաւոր մահէն ետք կը զղջայ, սակայն չի կրնար ապաշխարել. Որովհետեւ անցած է պատեհ առիթը, ինչպէս յիմար կոյսերու պարագան է։

Իսկ թէ ինչու´ մեռելոց օր կը կատարենք, Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ «Նախ, ինչպէս որ մենք կիրակի օր ուրախացանք եւ Քրիստոսի յարութեան շնորհքը վայելեցինք, յաջորդ օրն ալ հանգուցեալներուն կը յատկացնենք։ Դարձեալ, կիրակի օր Քրիստոսի յարութիւնը կը տօնենք, եւ երկուշաբթի սուրբերունը, որոնք Քրիստոսի հետ յարութիւն առին եւ սուրբ քաղաքէն ներս մուտք գործեցին։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.