2017-09-09 08:16:00

8,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Մեքսիքայի հարաւային ծովափը:


50 զոհէ աւելի արձանագրուեցաւ, երբ 8,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Մեքսիքայի հարաւային ծովափը: Վերջին 100 տարուան ընթացքին հզօրագոյնը եղող երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Փիճիճիափանէն 87 քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք: Անոր ցնցումը զգալի դարձաւ հարիւրաւոր մղոններ հեռու` մայրաքաղաք Մեքսիքոյի մէջ, ուր ուժգին կերպով ցնցուեցան շէնքերը եւ անոնց բնակիչները փողոցները ապաստանեցան:

Մեքսիքայի նախագահ Փենիա Նիեթօ զգուշացուց, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ:

Երկրաշարժէն ետք Մեքսիքայի եւ մօտակայ երկիրներուն մէջ ծովաշարժէ զգուշացուցին, սակայն հետագային այդ զգուշացումը վերցուեցաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.