2017-09-06 11:39:00

''Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան'' միջազգային 25-րդ համագումար. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 6-9 սեպտեմբեր 2017-ին Պոզէի համամիութենական Վանքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Հիւրընկալութեան Պարգեւը'' խորագիրով  Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան միջազգային 25-րդ համագումարը որ կազմակերպուած է Պոզէի հասարակութեան կողմէ եւ որուն բացումը կը կատարէ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը, ապա ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց­ Եղբայր Էնցօ Պիանքին` Պոզէ հասրակութեան հիմնադիրը, Աղեքսանդրիոյ ու համայն Ափրիկէի պատրիարք Թոետոսոս Բ, Թեզէի հասարակութեան Աբբահայր եղբայր Ալոյիսը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ ողջունելով համագումարի կազմակերպիչներն ու անոր մասնակցողները գնահատեց համագումարին ընտրած նիւթը ''Հիւրընկալութեան Պարգեւը'' հաստատելով թէ` մենք մեզի համար ստեղծուած այս երկրին մէջ հիւրեր ենք եւ օտարականներ, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոս Փիլիպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ ապա հրաւիրեց` որպէս պանդուխտ աշակերտներ, մեր հայեացքը  ուղղել այն սիրոյ վրայ որ անհուն է եւ մէկը միւսը հիւրընկալել որպէս Տիրոջ պարգեւ, օգնել զիրար փոխադարձաբար ու կարեկից ըլլալ մերձաւորին։

Սրբազան քահանայապետը ապա մաղթեց որ այս օրերու ընթացքին կատարուած խորհրդածութիւնները աճեցնեն եղբայրական զգացումները ու հասունութիւն գտնէ '  սրտի իսկական հիւրընկալութիւն,  որ` ''մինչ ուխտաւորներ ենք դէպի Արքայութիւնը, կարողանանք նաեւ դիմել արի քայլերու, որոնք մեզ առաջնորդեն դէպի լիակատար հաղորդութեան''։ 

Սրբազան Պապը ապա հայցեց Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները համագումարի աշխատանքներուն վրայ խնդրելով նաեւ որ իրենց աղօթքներուն մէջ իրեն համար տեղ ապահովեն։

Տուեալ ի Վատիկան` 18 օգոստոս 2017-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.