2017-09-03 13:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը. «Յիսուսին հետեւելու պայմանը սէրն է»։


 (Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 3 սեպտեմբեր 2017-ին­, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

Աւանդութեան համաձայն Սրբազան Պապը ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը` քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչի 16-րդ գլուխէն  (համարներ  21-27) ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ թէ Ինք պիտի չարչարուի, սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։

«Այս աւետարանական հատուածը շարունակութիւնն է անցեալ շաբթուայ հատուածին, ուր Յիսուս Սիմոնին շնորհեց Պետրոս  - (Վէմ )անունը, որուն վրայ պիտի կառուցէ իր եկեղեցին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ներկայացուց օրուան աւետարանական ընթերցումը.  «Այսօրուայ հատուածին մէջ Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ թէ պէտք է Երուսաղէմ երթայ, բազում չարչարանքներ կրէ, սպաննուի ու յարութիւն առնէ։ Պետրոս մէկդի տանելով Յիսուսը անոր կ՛ըսէ «Քա՛ւ լիցի քեզ, Տէ՛ր, այդ քեզ չի պատահի»։ Իսկ Յիսուս դառնալով Պետրոսին՝ կ՛ըսէ. «Հեռացիր ինձմէ, սատանա՛յ, դու գայթակղութիւն ես ինծի համար. որովհետեւ քու ՜ըմբռնումներդ Աստուծային չեն այլ՝ մարդկային»։

Այսօր եւս փորձութիւնն ունինք հետեւելու` առանց խաչի Քրիստոսի մը­, եւ Պետրոսի նման­, կը փորձենք խրատ տալ Աստուծոյ ցոյց տալով ուղիղ ճամբան, սակայն Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ թէ Իր ճանապարհը` սիրոյ ճանապարհ է, եւ չկայ իսկական սէր առանց անձնական զոհաբերումի։

Կանչուած ենք չի հրապուրուելու այս աշխարհի տեսլականէն այլ գիտակցելու թէ քրիստոնեաներու ճանապարհը հակահոսանք է ու վերելքի ճանապարհ է, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակեց­. «Յիսուս ապա իր աշակերտներուն կ՛ըսէ . «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ , թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ.  որովհետեւ ով կ՛ուզէ իր անձը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն. եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ կ՚ունենայ մարդ, եթէ այս ամբողջ աշխարհը շահի, ի գին իր կեանքին։ Կամ՝ մարդ իր անձի փոխարէն ի՞նչ փրկանք պիտի տայ.  քանի որ մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ միասին. հատուցանելու համար իւրաքանչիւրին իր գործերուն համեմատ»։ 

Եթէ հետեւինք Տիրոջ ու մեր կեանքը հիմնենք սիրոյ վրայ­­, Յիսուսին նման, մենք կարող ենք վայելել իսկական ուրախութիւնը ու մեր կեանքը կը դառնայ պտղաբեր – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ամէն անգամ որ կը մասնակցինք ս. Պատարագի զոհին Խաչեցեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսի սէրը մեզի կու գայ որպէս կերակուր եւ ըմպելի, որպէսզի կարողանանք հետեւիլ Անոր` մեր եղբայրներու առօրեայի շօշափելի ծառայութեան մէջ։

 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն ու մօտիկութիւնը ջրհեղեղի եւ փոթորիկի թիրախ բնակչութեան

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի ընկերանայ ու մեզ օգնէ վախ չունենալու Խաչէն։ Ան ապա արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը որմէ ետք ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները վերանորոգելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը  հարաւային Ասիայի բնակչութեան, որ տակաւին կը տառապի ջրհեղեղի հետեւանքէն։

''Կ՛ուզեմ իմ ողջ մասնակցութիւնս բերել, փոթորիկի եւ  մրրիկի թիրախ  Թեքսասի եւ Լուիզիանայի բնակիչներու ցաւին, ուր արձանագրեցուեցան բազմաթիւ զոհեր ու անհամար նիւթական վնասներ։ Սուրբ Կոյս Մարիամէն կը խնդրեմ, որ մեր այս եղբայրներուն համար Տիրոջմէ հայցէ մխիթարութեան շնորհքը­'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ապա ողջունեց զանազան վայրերէն ժամանած խումբերը ու կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած բարի ճանապարհորդութեան  մաղթանքներուն համար­­, հուսկ բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու հրաժեշտ առաւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.