2017-08-30 10:16:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութիւնը` յիշողութիւնն ու յոյսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 30 օգոստոս 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած եւ  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.“Այսօր կ՛ուզեմ դարձեալ խօսիլ կարեւոր մէկ նիւթի մասին. յիշողութեան եւ յոյսի միջեւ կապը, յատկապէս անդրադառնալով կոչումի յիշողութեան մասին։ Որպէս տիպար կ՛առնեմ առաջին աշակերտներուն կոչումը։ Այդ մէկը այնքան դրոշմուած մնաց անոնց մտքին մէջ որ անոնցմէ մին կը յիշեր նաեւ ժամը` յետմիջօրէի չորսը (Յովհ 1,39)։ Յովհաննէս աւետարանիչը այդ դէպքը կը պատմէ որպէս երիտասարդութեան շրջանի յստակ յիշատակ մը  որ  անխախտ մնաց անոր ծերունիի յիշողութեան մէջ”:

Հանդիպումը տեղի ունեցած էր Յորդանան գետի մօտ, այնտեղ ուր Յովհաննէս Մկրտիչ կը մկրտէր։ Այդ բարի Գալիլեացիները` Կարապետը ընտրած էին որպէս իրենց հոգեւոր առաջնորդ։ Օր մը Յիսուս այնտեղ կու գայ ու իր կարգին կը մկրտուի Սուրբ Յովհաննէսի ձեռքով­, ու երբ երկրորդ օրը դարձեալ այնտեղէն կ՛անցնի Յովհաննէս կ՛ըսէ իր աշակերտներուն. “Ահա Գառն Աստուծոյ” եւ անոնք անմիջապէս կը թողուն առաջին վարդապետը ու կը հետեւին Յիսուսին։  Առ այդ Յիսուս անոնց կ՛ուղղէ վճռական հարցում մը “Ի՞նչ կը փնտռէք”։

Յիսուս արդարեւ կը յայտնուի որպէս մարդկային սրտի մասնագէտ։ Ան հանդիպած էր երկու երիտասարդներու որոնք փնտռտուքի մէջ էին - դիտել տուաւ Քահանայապետը ու հաստատեց - Այն երիտասարդները որոնք ոչ մէկ բան կը փնտռեն` երիտասարդներ չեն, այլ ժամանակէն առաջ ծերացած անձեր։

Յիսուս արդարեւ Աւետարանական հանդիպումներու մէջ կը յայտնուի որպէս սրտերը “բորբոքող” անձ եւ այստեղէն է որ կը բխի անոր հարցումը որ կեանքի ու երջանկութեան իղձ կը հրահրէ  “Ի՞նչ կը փնտռես”։

Յովհաննէսի եւ Անդրէասի կոչումը սկիզբ կ՛առնէ այսպէս` Յիսուսի հետ բարեկամութեամբ։ Անոնք կը սկսին հետեւիլ Յիսուսին ու իրենց կարգին կը դառնան առաքեալներ, այնպէս որ անոնց եղբայրները եւս Սիմոնը եւ Յակոբը կը հետեւին Յիսուսին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հարց տուաւ “Ինչպէ՞ս կարելի է այս աշխարհին մէջ գիտակցիլ կոչման” ապա պատասխանեց. “այդ մէկը կը բացայայտուի բազմաթիւ ձեւերով, թէեւ Աւետարանի հատուածը մեզի կը հասկցնէ թէ կոչումին առաջին ցուցանիշը` Յիսուսին հետ հանդիպելու ուրախութիւնն է։ Ամուսնութիւն, նուիրական կեանք, Քահանայութիւն, ամէն մէկ կոչում սկիզբ կ՛առնէ Յիսուսին հետ հանդիպումով որ մեզի նոր ուրախութիւն եւ յոյս կը պարգեւէ ու մեզ կ՛առաջնորդէ, հակառակ դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն, իր հետ լիակատար հանդիպումի մը եւ ուրախութեան լիութեան։

Տէրը չ՛ուզեր այրեր եւ կիներ որոնք դժկամութեամբ իր ետեւէն կը քալեն ։ Յիսուս կ՛ուզէ անձեր որոնք փորձարկեցին թէ իր հետ ապրիլը անհամար ուրախութիւն կը պատճառէ ու թէ այդ մէկը կարելի վերանորոգել կեանքի ամէն օրերուն։

Աստուծոյ Արքայութեան աշակերտը որ ուրախ չէ, կարող չէ աւետարանել այս աշխարհին մէջ։ Ասոր համար Քրիստոնեան Սուրբ Կոյս Մարիամի նման կը պահպանէ սիրահարութեան բոցը եւ քրիստոնեաները` հակառակ կեանքի փոթորիկներուն, գիտեն թէ ո՞րն է  ճանապարհը որ կ՛առաջնորդէ դէպի այդ սուրբ կրակը` որ զանոնք բորբոքեց մէկ անգամ ընդմիշտ։

Մտիկ չընենք յուսահատ եւ տխուր մարդոց. Չի վստահինք անոր որ ծաղկած ոգեւորութիւնը կը խափանէ ըսելով թէ ոչ մէկ արարք համայն կեանքի զոհաբերումը կ՛արժէ, չ՛ունկնդրենք սրտով ծերերը որոնք կը խեղդեն երիտասարդական գորովանքը - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց  մշակել առողջ տեսլական մը որովհետեւ Աստուած կը փափաքի որ մենք ըլլանք երազողներ Իրեն նման ե Իրեն հետ... “Յիշել Յիսուսը ու այն սիրոյ բոցը որով ամէն օր մեր կեանքը իրականացուցինք` որպէս բարիի ծրագիր ու վերակենդանացնենք այդ բոցի նշոյլը` որ է մեր յոյսը” յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակներուն ։

Սիրելի երիտասարդներ, արձակուրդէն ետք առօրեայի ձեր զբաղումներուն վերադառնալով գիտցէք ամէն օր ժամանակ գտնել խօսելու համար Աստուծոյ հետ ու ձեր շուրջը սփռել Անոր լոյսն ու խաղաղութիւնը։ Դուք սիրելի հիւանդներ մխիթարութիւնը գտէք Տիրոջ Յիսուսին մէջ, որ կը շարունակէ իր փրկագործութեան առաքելութիւնը ամէն մէկ մարդու կեանքէն ներս եւ դուք սիրելի նորապսակներ սորվեցէք աղօթել միասին, տնային  մտերմութեան ներքոյ, որպէսզի ձեր սէրը ըլլայ միշտ իսկական, պտղաբեր եւ տեւական։








All the contents on this site are copyrighted ©.