2017-08-17 10:52:00

Ուաշինկթըն կը նշէ հիւսիսային Քորէայի հետ բանակցութիւններու սկսելու գլխաւոր պայմանը


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէան Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու սկսելու համար պէտք է ցոյց տայ հիւլէական զէնքերէ ձերբազատման մտադրութիւններու լրջութիւնը:

«Մենք պիտի ուզէինք բանակցութիւններ վարել Քիմ Չեն Ընի հետ, երբ ժամանակը գայ: Երբ անոնք ցոյց տան, որ իրենք լուրջ տրամադրուած են հիւլէական զէնքէ ձերբազատման ուղղութեամբ շարժելու համար: Մենք ատիկա տակաւին չենք տեսներ», յայտարարած է Նոուըրթ:

Ան միեւնոյն ժամանակ չէ նշած բանակցութիւններու սկիզբին համար նախնական պայմանները: Նոուըրթ մասնաւորաբար չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք ատոր համար բաւական պիտի ըլլա՞ն Հիւսիսային Քորէայի պարտաւորութիւնները` հարուած չհասցնելու ամերիկեան Կուամ կղզիին դէմ: «Անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել», ըսած է ան:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը զինուորականներուն հրամայած է պատրաստ ըլլալու որեւէ պահու հարուածելու Միացեալ Նահանգներուն պատկանող տարածքները:

Քիմ Չեն Ըն Քորէայի ազգային բանակի սպաներուն հետ քննարկած է Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Կուամ կղզիի վրայ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը հարուածելու ծրագիրը:

Հիւսիսային քորէական կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, Փիոնկիանկ մտադիր է 4 հրթիռ արձակել Կուամի ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.