2017-08-12 08:26:00

Տօն Փոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի։


Հայ Եկեղեցին ունի հինգ մեծ տօներ, որոնք կը կոչուին Տաղաւար եւ կը կատարուին ամէն տարի հանդիսաւորապէս, իւրայատուկ կրօնական արարողութիւններով եւ ազգային աւանդութիւններով։ Անոնցմէ առաջին երեքը անմիջականօրէն կապ ունին մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին հետ։ Առաջին՝ Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն։ Երկրորդ՝ Ս. Զատիկ՝ Յիշատակ Յարութեան։ Երրորդ՝ Պայծառակերպութիւն կամ Վարդավառ։

Չորրորդը նուիրուած է Աստուածածնին, ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զինք իր մօտ՝ երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս ամսուան 15-ի մօտիկ Կիրակին, մինչ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիները զայն կը տօնեն անփոփոխ կերպով նոյն թուականին՝ 15 Օգոստոսին։

Հինգերորդը Խաչվերացի՝ Խաչի փառաւորման, պանծացման եւ յաղթանակի տօնն է, որը առնչուած է Քրիստոսի իսկական Խաչափայտի պարսիկներու կողմէ Երուսաղէմէն գերի տարուելու եւ այնուհետեւ՝ երկարամեայ պատերազմներէ ետք, անոր ազատագրումի եւ յաղթականօրէն Երուսաղէմ վերադարձի պատմական եղելութեանց։

Մեր Եկեղեցին տարուան ընթացքին զանազան առիթներով կ'ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը. իր հոգեզմայլ շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդի իրագործման մէջ։ Կը փառաբանէ անոր անարատ յղութիւնը, սրբութիւնը, խոնարհութիւնն ու Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւնը, մայրական սէրն ու գուրգուրանքը իր «Միածին Որդւոյն» հանդէպ եւ առհասարակ կնոջական այն առաքինութիւնները, որոնք Աստուածածինը կը դարձնեն «Մայր եւ Կոյս եւ աղախին Քրիստոսի»։ Հայ հաւատացեալը Աստուածամայրը համարելով այս աշխարհի վրայ Յիսուսի ամէնէն մօտիկ անձը, ի խորոց սրտի կը հայցէ անոր բարեխօսութիւնը մեր Փրկչին մօտ, ներելու իր մեղքերը, լսելու իր աղօթքները եւ ի կատար ածելու իր խնդրանքները։

 

Աստուածածնին Նուիրուած Տօներ

Ըստ մեր եկեղեցական Տօնացոյցին կը նշուին անոր ընծայուած հետեւեալ տօները։ Որպէս Ուխտի զաւակ, անոր Ծնունդը Յովակիմէն եւ Աննայէն։ Մատաղ հասակին՝ Ընծայումն ի Տաճար, ուր ապրեցաւ եւ ստացաւ իր հոեգւոր սնունդը մինչեւ 12 տարեկան։ Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ անոր փոխանցուած՝ Ս. Հոգիով յղանալու ուրախ լուրը՝ Աւետումը (Ղուկ. Ա. 26-38)։ Անոր գործածած տուփին եւ գօտիին գտնուելու ուրախ առիթը եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու մեծարանքը (Գիւտ Տփոյ, Գիւտ Գօտւոյ)։ Վերջապէս, յետ մահու անոր մարմնով երկինք փոխադրուած ըլլալը, որը ծանօթ է որպէս Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի եւ այս տարի կը կատարուի Կիրակի 13 Օգոստոսին։

Ըստ եկեղեցական աւանդութեան Յիսուսի Համբարձումէն ետք Մարիամ Աստուածածին ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ վայելելով առհասարակ բոլոր առաքեալներու եւ յատկապէս Յովհաննէս Առաքեալի սէրն ու գուրգուրանքը, խնամքն ու հոգատարութիւնը։ Կը վախճանի շուրջ 50 տարեկանին։ Իր թաղման ժամանակ Բարթողիմէոս Առաքեալ կը բացակայէր Երուսաղէմէն։ Աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուածամայրը իր կենդանագիր նկարը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, որպէսզի զայն փոխանցէ Բարթողիմէոսի։

Ահա այդ նկարն է, որ Հայաստանի Առաջին Լուսաւորիչներէն՝ Բարթողիմէոս Առաքեալ յետագային իր հետ կը տանի Հայաստան։ Յամենայն դէպս, առաքեալը չի բաւարարուիր այդ նկարով եւ կուզէ անպայման՝ վերջին անգամի մը համար տեսնել Աստուածամայրը եւ իր յարգանքը մատուցել անոր։ Ուստի, անոնք միասնաբար կայցելեն անոր գերեզմանը, սակայն այնտեղ չեն գտներ նորոգ հանգուցեալի մարմինը։ Այնուհետեւ կանդրադառնան, որ անցեալ երեք օրերու ընթացքին լսուող հրեշտակներու օրհներգութեամբ երկինք փոխադրուած էր Աստուածամօր մարմինը։

Այս է Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի Տօնին վերաբերող պատմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.