2017-08-02 12:54:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ծարաւի զգացումին կը  պատասխանէ ջուրը։

Առաջին իսկ հայեացքով այնպէս կը թուի, թէ մարդու հագագը չորցնող ծարաւը մէկ կողմէ, իսկ ջուրն ու անոր աղբիւրը միւս կողմէ, զիրար ամբողջացնող եռեակ երեւոյթներ են: Որովհետեւ ծարաւի զգացումին անհրաժեշտօրէն պէտք է պատասխանէ ջուրը, իսկ վերջինս անպայման ունի աղբիւր՝ ուրկէ կը բխի ու կը յագեցնէ ծարաւը:

Սակայն, բացայայտ է, որ առաջինը պէտք ունի միւս երկուքին, ու պէտք ունի ամէ՛ն գնով, որովհետեւ ի՞նչ կ՛արժեն անապատի նաֆթահորերը, երբ կիզիչ արեւուն տակ, այրող աւազին վրայ մէկ կաթիլ ջուրի կարիք ունենայ մարդ: Այդ պահուն յանձնառու կ՛ըլլայ ան, նոյնիսկ իր սեփականութիւնը եղող բազմաթիւ նաֆթահորեր նուիրելու անոր՝ որ ծարաւը յագեցնող մէկ բաժակ ջուր կը մատուցէ իրեն…:

Աղբիւրին մօտ կանգնած, կեդրոնացած հայեացքով անոր շուրթը համբուրող ու իրենց ծարաւը յագեցնող մարդոց դէմքին լրջութիւնը ու սիրտին գոհունակութիւնը, անբացատրելի զգացումներ են: Միւս կողմէ, մարմինը իր կենսունակութեամբ վերաշխուժացնելուն հետ, ջուրը մարդկային հոգին եւս կը զուարճացնէ: Նոյնը դիտելի է նաեւ բնազդով ապրող կենդանական աշխարհին մէջ: Թռչուններու պարագային նշմարուող գլխու վեր բարձրացումը ջուր խմելէ ետք, շատեր կը թարգմանեն իբրեւ Աստուծոյ «գոհութիւն յայտնելու» բնազդային արարք: Ինչքան ալ պատկերաւոր բացատրութիւն ըլլայ այդ, անպայման ունի խորհուրդ իր մէջ, որ միաժամանակ մտածել պէտք է տայ բանական էակներուս, այն բացառիկ հեղուկին՝ ջուրին մասին, առանց որուն կեանքը պիտի դադրէր գոյութիւն ունենալէ այս մոլորակին վրայ:

Ջուրին անհրաժեշտութեան մասին ամէն օր կը խօսուին ճառեր, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ կը հնչեցուին ահազանգներ, յիշեցնելու համար թէ օրէօր աւելի սահմանափակ կը դառնան այն աղբիւրները, որոնք կոչուած են բաւարարելու համայն աշխարհի մէջ ջուրի սպառումը: Մարդկութեան բազմանալուն հետ այնքան առնչուած չէ՛ այս մտահոգութիւնը անպայման: Աշխարհի բնական հարստութիւններէն գլխաւորը նկատուող ջուրը հաւասարապէս բաժնուելու խնդիր գոյութիւն ունի միջազգային գետնի վրայ, երբ հզօր պետութիւններ, կամ տնտեսապէս աւելի զօրաւոր երկիրներ «բնական» իրաւունքով իրենց կը վերապահեն աւելի լայն օգտագործումը այդ հարստութեան, մինչ աւելի համեստ կարողութեամբ ժողովուրդներ երաշտի կը մատնուին:

Ջուրին տրուած այս անհրաժեշտ կարեւորութիւնը մարդկութեան կողմէ, խորհըրդածելու առիթ կու տայ նաեւ, այլ տեսակի այն աղբիւներուն մասին, որոնցմէ կ՛ըմպեն մարդիկ, յագեցնելով իրենց այս կամ այն տեսակի «ծարաւ»ը:

Ուրիշին օժանդակութեան կարիքը ունեցող մարդոց համար յաճախ օգտագործուող «Ո՞ր աղբիւրէն կ՛օգտուի արդեօք» խօսքը, կարելի է ընդհանրացնել, կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ տարածելով զանիկա: Նոյնիսկ շատ ինքնավստահ ու ինքնաբաւ մարդիկ, այս կամ այն մարզին մէջ զգացած իրենց կարիքին դիմաց, կը փնտռեն «աղբիւր», ուրկէ կարենան ըմպել հարկ եղած քանակութեամբ «ջուրը»: Ասոր ամէնէն գործնական տեսակները զօրակցութեան կամ մխիթարութեան կարիքներն են, որոնց պէտք ունին նոյնիսկ թագաւորներ, կամ՝ նոյնիսկ շատ ինքնավստահ մարդիկ:

Ջուրը միակ հեղուկն է, որուն կարիքը չի՛ կրնար անտեսել մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Տարիքի բերմամբ սեղմուող մարդկային կոկորդէն վար հոսող միակ հեղուկը Աստուածապարգեւ ջուրն է: Հոգեվարքի մէջ եղող մարդուն վերջին փափաքներէն մէկն ալ շրթներուն ջուրով թրջուելու խնդրանքն է…: Ասոր համար ոչ ոք պէտք է պղտորէ ջուրը…եւ կամ  անճոռնի քարերով կործանել առուակները :








All the contents on this site are copyrighted ©.