2017-07-26 10:51:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Երազել…

Շատեր իրենց երազի մէջ տեսած դէպքերուն կը հաւատան եւ ըստ այնմ իրենց յառաջիկայ գործունէութիւնը կը տնօրինեն։ Կան նաեւ անձեր, որոնք,  պատրաստ են մինչեւ իսկ լսելու ՜՜առաւօտները իրարու մօտ հաւաքուող եւ իրենց խմած սուրճի բաժակը երկար ատեն դիտող կիներու  տարօրինակ մեկնաբանութիւնները՝՝:
Եբրայեցի ժողովուրդի նահապետներէն Յակոբ ալ իր երազին մէջ երկրէն մինչեւ երկինք հաստատուած աստիճան տեսաւ, որուն վրայէն հրեշտակներ կ՛իջնէին ու կ՛ելլէին:
Բնականօրէն այդ աստիճանները, անոնց վրայէն իջնող ու բարձրացող հրեշտակներուն նման, ու մանաւանդ երազի դիւթական պահուան մէջ տեսնուած ըլլալով, ոգեղէն աստիճաններ էին: Երանի՜ անոնց, որոնք նման աստիճաններու վրայէն բախտը կ՛ունենան մանաւանդ ելլելու, հասնելու համար երանական կեանքին, Աստուծոյ թագաւորութեան:
Աստիճանը միայն ելլելու համար չէ՛, այլ նաեւ իջնելու համար: Կեանքի մէջ ամէն աստիճան պէտք է իջնելու հնարաւորութիւն եւս ընձեռէ բարձրացողին, որպէսզի չմնայ այնտեղ՝ ուր բարձրացած էր ժամանակաւոր աշխատանքի համար:

Կան նաեւ կեանքի աստիճանները, որոնց վրայէն կը բարձրանայ մարդ կամայ թէ ակամայ. Ինչպէս տարիքայինը։
Մատեր մեզմէ տեսած են ու տպաւորուած՝ այն նկարէն, որ ՜՜օրօրոցի երեխայէն մինչեւ հարիւրամեայ ծերունին պատկերելով, ցոյց կու տայ այն ամէն հանգրուանները, որոնցմէ կ՛անցնի մարդս չափահասութեան տարբեր տարիքներ թեւակոխելով՝՝:
Խնամքի այնքան կարիք ունեցող նորածին երեխան երբ պատանութեան հասնի, արդէն իր նախասիրութիւնները կը սկսի ձեւաւորելու: Իսկ երիտասարդութեան՝ որոշել այն ինչ որ ի՛նք կ՛ուզէ ունենալ կամ ընել այս կեանքին մէջ: Միջին տարիքէն դէպի ծերութիւն տանող ճանապարհը թէեւ հասունութեան շրջան կ՛անուանուի, սակայն ֆիզիքական տկարութիւնները երբեմն պատճառ կը դառնան կամքի թուլացման, իսկ յոռեգոյն պարագային՝ յուսալքումի:
Այսօրուան երիտասարդութիւնը ամէն ինչ շուտով ունենալու եւ մինչեւ իսկ շատ ունենալու անյագ ձգտումով կը յատկանշուի: Երիտասարդները, աստիճաններ բարձրանալու եւ դեռ չ՛երեւցող «վեր»ը տեսնելու ցանկութեամբ լեցուած կ՛ըլլան: Սակայն, այդ աստիճանները ի՛նչ նիւթով ալ պատրաստուած ըլլան, կամ ինչքան ալ երկար կամ կարճ ըլլան, մէկ առ մէկ կարելի է բարձրանալ անոնց վրայէն: Սակայն, անոնք շատ լաւ գիտեն, որ իրենց այս ընթացքով պիտի կոխկռտեն այն համատարիք երիտասարդները, որոնք իրենց հետ միասին ընթացք առած, մէկ առ մէկ կը բարձրանային կեանքի աստիճաններով:

Միայն երկինք բարձրանալու կամ յաւիտենական կեանք մտնելու աստիճանները մէկ ուղղութեամբ կ՛ընթանան…: Միւս ամէն աստիճանները, մանաւանդ կեանքի աստիճանները բոլորն ալ երկու ուղղութեամբ են: Ա՛յս է որ յաճախ մոռացութեան կու տան նման բախտախնդիրներ: Ելլելուն հետ միշտ կայ նաեւ իջնելը, այնպէս ինչպէս ամբարտաւանութեան կողքին միշտ պիտի ըլլայ նուաստացումը, երիտասարդութեան կողքին՝ ծերութիւնը, լոյսի կողքին՝ խաւարը, սուտի կողքին՝ ճշմարտութիւնը եւ այսպէս շարունակաբար:
Դիակներու աստիճանները բնաւ մարդը վեր չեն բարձրացներ:

Միայն այդպէս կը թուի՛ թէ մարդ կը բարձրանայ անոնց վրայ կոխկռտելով: Սակայն, խորքին մէջ իւրաքանչիւր սանդղամատի դիակը պիտի փորձէ բռնել բարձրացողին գարշապարէն, յուշելու համար անոր իր սպանութեան պարագաները:

Նման աստիճանի մինչեւ վերը բարձրացողը ո՛չ հանգիստ կը գտնէ եւ ո՛չ ալ երջանկութիւն: Իսկ «յաջողած մարդ»՝ բնաւ չի՛ կրնար ըլլալ ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.