2017-07-26 09:22:00

Կը վերահրատարակուի Թումանեանի երկերու 10-հատորեակը


Յովահաննէս Թումանեանի 150-ամեակի ծիրէն ներս բազմաթիւ ձեռնարկներ պիտի իրականացուին, որոնց շարքին են նաեւ բուն գիտական ուսումնասիրութիւնները, լրագրողներու հետ այսօր կայացած հանդիպման ժամանակ ըսած է գրականագէտ Վարդան Դեւրիկեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ ձեռնարկներու ծիրէն ներս պիտի վերահրապարակուի մեծ գրողի երկերուն 10-հատորեակը: Ատիկա, սակայն, պարզունակ վերատպում պիտի չըլլայ, այլ պիտի ներառէ ուշ յայտնաբերուած ձեռագիրներ ու ծանօթագիրներ, որոնք նախապէս հարկադրաբար տպագրուած են հատորեակներէն դուրս: Նոր տպագրութիւնը էական տարբերութիւններ պիտի ունենայ, ծանօթագրութիւններն աւելի մանրամասն եւ շատ պիտի ըլլան: Այժմ վերահրատարակուած է տասը հատորներէն երկուքը, երրորդը պիտի տպագրուի, երբ հովանաւորներ գտնուին:

«Երկրորդ հատորը կ՛աւարտի 1914 թուականով, երրորդ հատորը պիտի աւարտի` 1917-ով: Ընդհանուր առմամբ, գրողի կեանքին տարեգրութեան կը վերաբերին տասը հատորներէն չորսը»,- նշած է գրականագէտը:

Վարդան Դեւրիկեան նշած է նաեւ, որ հայ մեծ գրողի ստեղծագործութիւններուն հանրահռչակման համար անհրաժեշտ է լուրջ միջոցներ եւ ժամանակ` ատոնք պատշաճ որակով թարգմանելու եւ ներկայացնելու օտարերկրեայ ընթերցողին: Գրականագէտը միաժամանակ յոյս յայտնած է, որ Յովհաննէս Թումանեան եւ Կոմիտաս պիտի ընդգրկուին ԵՈՒՆԵՍՔՕԻ-ի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.