2017-07-26 09:00:00

Թրքական մամուլի ազատութեան կաշկանդումի դատապարտումի կոչերը կը շարունակուին


Բրիտանական «Տը Կարտիըն» թերթը երէկ բուռն կերպով դատապարտեց թրքական իշխանութեանց կողմէ կարծիքի ազատութեան եւ առհասարակ մամլոյ դէմ շղթայազերծուող կաշկանդումները:

Թերթը խստիւ քննադատեց արգելափակումը լրագրողներուն, որոնք կրնան երկար տարիներով ազատազրկուիլ անոնց դէմ ուղղուած մեղադրանքներու հաստատման պարագային: Թուային պատկերներով թերթը կը պարզէ, թէ ինչպիսի՛ հետապնդումներու եւ կաշկանդումի ենթակայ են կարծիքի ազատութեան հաւատացող լրագրողներն ու լրատուական հաստատութիւնները:

«Մամուլին ուղղուած հարուածը երբեք չէ յաջողած» վերտառութեամբ յօդուածներ ստորագրած են թերթին աշխատակիցները` պահանջելով ազատ արձակել անհիմն զրպարտութիւններով արգելափակուած լրագրողները: Թերթը կոչ ուղղեց եւրոպացիներուն եւ անոնց ղեկավար իշխանութիւններուն` միջամտելու եւ ճնշում բանեցնելու թրքական պատկան մարմիններուն մօտ, անցնող հոկտեմբերէն ի վեր արգելափակեալ լրագրողներու ազատութեան համար: «Լրագրողներուն եւ մամուլին դէմ իր յարձակումներով Թուրքիա կը խախտէ ժողովրդավարութեան սկզբունքներն ու հիմքերը» շեշտեց թերթը:

Նշենք, որ նախանցեալ օր` երկուշաբթի, Թուրքիոյ մէջ սկսաւ լրագրողներու դատավարութիւնը նստաշրջանը, որ կրնայ տեւել շաբաթ մը: Նախ եւ առաջ կը կատարուի դատավարութիւնը 1924-էն ի վեր Աթաթուրքի կողմէ հիմնուած ու հրատարակուող եւ ներկայիս ընդդիմադիր նկատուող «Ճումհուրիյէթ» թերթի 17 լրագրողներուն, որոնց իբրեւ զօրակցութիւն բողոքի մէկէ աւելի շարժումներ կատարուեցան Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր:








All the contents on this site are copyrighted ©.