Միացեալ Նահանգներ խստօրէն կը դատապարտեն Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու վեց պաշտպաններու ձերբակալումը` թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու զանոնք: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:
«Փոքրաթիւ ապացոյցներով կամ չնչին թափանցիկութեամբ այդպիսի մեղադրանքները կ՛ոտնահարեն Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութիւնը եւ անհատներու իրաւունքը յարգելու այդ երկրի պարտաւորութիւնները: Մենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք հրաժարելու մեղադրանքներէն, ազատ արձակելու ձերբակալուածներն ու դադրեցնելու երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան այդ կէտերը, որոնք կ՛արտօնեն հետապնդել անհատները», ըսած է ան` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ դէպքին:
5 յուլիսին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած 10 իրաւապաշտպաններէն վեցը` Իտիլ Էսեր, Էօզլեմ Տալքըրան, Վելի Աճուն, Կինալ Քուրշուն, Ալի Քարաւի եւ Փեթեր Սթոյտթներ կալանաւորուած են, մնացեալ չորսը` ազատ արձակուած: Անոնք կը մեղադրուին «ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» ամբաստանութեամբ: Ձերբակալուածներու շարքին են Միջազգային ներում կազմակերպութեան Թուրքիոյ գրասենեակի ղեկավարն ու աշխատակիցը:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւս դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ գործիչներ, ներառեալ Գերմանիոյ քաղաքացի Փեթեր Սթոյտթները ձերբակալելու որոշումը` կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու զինք:
Թրքական «Հիւրիիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիա Թուրքիոյ դեսպան Ալի Քեմալ Այտընը կանչած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր մը յղած Անգարային` Փեթեր Սթոյտթների ձերբակալման, ապա նաեւ կալանաւորման վերաբերեալ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆեր յայտնած է, թէ դեսպանին յստակ լեզուով ըսած են, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու թրքական կողմը ազատ պէտք է արձակէ Գերմանիոյ քաղաքացին:
Շեֆեր բացարձակապէս անհիմն անուանած է իրաւապաշտպանը ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապելու մեղադրանքները:
All the contents on this site are copyrighted ©. |