2017-07-19 11:14:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Նեղմտութիւնը եւ տգիտութիւնը

Նեղմտութիւնը յաճախ կը շփոթուի տգիտութեան հետ: Թէեւ երկու եզրերը նմանութիւններ ունին, սակայն անոնք աւելի իրարու զօրավիգ եղող երեւոյթներ են, քան՝ նոյնութիւններ:

Նեղմիտ մարդը երբեմն շատ լաւ տեղեկացուած եւ ծանօթութիւններով հարուստ անձ կ՛ըլլայ, սակայն՝ իր իմացածին մասին ունեցած մեծ համարումը մէկ կողմէ, եւ իր յամառութիւնը միւս կողմէ թոյլ չեն տար որ ան դուրս գայ իր նեղմտութենէն եւ վառ գոյներով տեսնէ իր շրջապատը:

Շատեր կը դժգոհին, երբ իրենց շրջապատին մէջ նեղմիտ մը յայտնուի յանկարծ եւ պնդէ իր իմացածներուն վրայ: Ոմանք շուտով կը հեռանան այն ընկերական միջավայրէն, որուն շրջագիծը անընդհատ կը սեղմուի՝ նեղմիտ անձերու ստեղծած անվստահութեան մթնոլորտին պատճառով: Սակայն ի՞նչ դժուարութիւն կայ արդեօք նեղմիտ անձի մը հետ բարեկամանալուն հետ: Նախ պէտք է ըսենք, որ եթէ մէկուն նեղմիտ ըլլալուն մասին ստոյգ տեղեկութիւն ունենան մարդիկ, բնաւ չե՛ն ուզեր անոր հետ բարեկամութիւն հաստատել: Նեղմիտ մարդը կրնայ զգոյշ ըլլալ, սակայն երբեք խելացի չի՛ կրնար համարուիլ, որովհետեւ նեղմտութիւնը ինքնին անձին մտածողութիւնը սահմանափակող երեւոյթ է, որ արգելք կը հանդիսանայ միտքի հորիզոնի լայնացման եւ հարստացման:

Նեղմտութիւնը աչքի տկարութեան հետ կարելի է համեմատել: Երբ մէկը կարճատես է, միայն իրեն շատ մօտիկ առարկաները յստակ կը տեսնէ, սակայն հեռուն գտնուող առարկաներն ու անձերն ալ զինք կը հետաքրքրեն:

Անվարան պէտք է յայտարարել, որ հաւաքական աշխատանքի ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը նեղմտութիւնն է: Միասնական որոշումներու եւ համերաշխութեան աղբիւր են համախոհութիւնն ու փոխադարձ զիջողութիւնը: Նեղմիտ մարդը չի՛ կրնար ուրիշին ակնոցը գործածել: Իր աչքերը տկարութեան իւրայատուկ թիւեր ունին, եւ իր տեսադաշտէն դուրս ամէն ինչ պղտոր կ՛ըլլայ…։

Նեղմիտ մարդը առանձին ապրելու դատապարտուած էակ է: Ան նաեւ անձնասէր է: Իր իմացածը, միայն իր գիտութիւնը չէ՛, այլեւ իր անձը, իր գործը, իր շահը, իր կեանքը: Ուրիշներ ո՞վ են, ի՞նչ գործի տէր են, շահ պէ՞տք է ունենան, կամ պէ՞տք է ապրին՝ կարեւոր չէ՛:

Նեղմիտին ձայնը թէպէտ բարձր կը հնչէ, սակայն կարճատեւ, անյաջող ու տհաճ երաժշտականութեամբ կը լսուի մարդոց ականջներուն մէջ: Խլացուցիչ չէ՛ այդ ձայնը բնաւ, սակայն երկար ժամանակ լսել անկարելի է, որովհետեւ նոյն եղանակին կրկնութիւնն է որ պիտի նուագուի միշտ, զզուեցնելով իր ունկնդիրները: Երանի՜ անոր, որ բամպակ կը թխմէ իր ականջներուն, չլսելու համար նեղմիտ մարդուն ձայնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.