2017-07-11 10:01:00

Հարկ է մեր նայուացքը ու սիրտը ուղղել Յիսուսին


Ըստ Յովհաննէսի Աւետարանին (21, 15-19), Յիսուս անգամ մը եւս յայտնուեցաւ իր աշակերտներուն Տիպերիատի ափին եւ երբ անոնք կերան, Յիսուս Սիմոն Պետրոսին  ըսաւ․- «Սիմոն, որդի Յովհաննէսի, իրապէ՛ս կը սիրե՞ս զիս, աւելի քան ասոնք»։ Այս վերջինը պատասխանեց․- «Այո՛, Տէր։ Դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ»։ Յիսուս  ըսաւ․- «Ուրեմն ոչխարներուս հովիւը եղիր»։ Յիսուս միեւնոյն հարցումը ուղղեց երկու անգամ եւս եւ ամէն անգամին միեւնոյն պատասխանը ստանալէ ետք «ոչխարներուս հովիւը եղիր» ըսաւ։

Յարուցեալ Յիսուսի այս վերջին յայտնութեան մէջ, զոր կը նկարագրէ Յովհաննէսի Աւետարանը, կը կրկնուի միեւնոյն Աւետարանին մէջ յիշատակուած հովիւին եւ ոչխարներուն թեման։ Արդարեւ, Յիսուս ինքզինք ներայացուցած էր որպէս բարի հովիւը, որ կը սիրէ իր ոչխարները, կը ճանչնայ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անունով եւ իր կեանքը կու տայ անոնց համար։ Յովհաննէսի Աւետարանի վերոյիշեալ անցքին մէջ,  Պետրոսն է որ կը ստանայ ոչխարներուն հովիւը ըլլալու պարտականութիւնը։

Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։ Յիսուս կը հրաժարի՞ հովիւի իր դերէն։ Ամէն անգամ որ Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ հովիւը ըլլալ, շատ յստակօրէն աւելցնելով՝ «ի՛մ ոչխարներուս»։ Ոչխարները միշտ Յիսուսին կը պատկանին եւ միշտ Ի՛նքն է  հովիւը։ Եւ յետոյ,  եթէ սուրբ Պետրոս երեք անգամ պարտականութիւն կը ստանայ հովիւը ըլլալու,  երեք  անգամին ալ իրմէ կը պահանջուի  վերահաստատել իր սէրը հանդէպ Յիսուսին։ Արդարեւ, Յիսուս  անոր կը հարցնէ թէ զինք կը սիրէ՞, եւ ոչ թէ կարո՞ղ է ոչխարներով զբաղելու։ Հետեւաբար, Յիսուս կը մնայ առանցքը։

Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ որ հովիւի իր դերը կատարելու համար,  Պետրոս ամէն բանէ առաջ պէտք է սիրէ Յիսուսը։ Ան ուրիշներուն առաջնորդ պիտի ըլլայ այն չափով որ ինք գիտէ ճիշդ ուղղութիւնը եւ կը բանայ ճանապարհը։  Արդ,  այդ ճանապարհը Յիսուսն է։ Հետեւաբար, անոր նայուածքը եւ սիրտը պէտք է ուղղուին դէպի Յիսուսը, որովհետեւ այս կերպով է որ ան պիտի ըլլայ ապահով առաջնորդ մը ուրիշներուն համար, որոնք  իրենց կարգին իրենց նայուածքն ու սիրտը պիտի ուղղեն դէպի Յիսուսը։

Ահա այս առաքելութիւնն է որ Պետրոս ստացաւ։ Ասիկա նաեւ մեր առաքելութիւնն է։ Մեր օրինակով, մենք ալ կրնանք օգնել մեր շուրջը գտնուող մարդոց իրենց նայուածքը ուղղելու դէպի Քրիստոս։

Այս կերպով պիտի ըսենք․ Տէ՛ր, դուն ես իմ առաջնորդս, քու սէրդ ինծի ճիշդ  ճանապարհը  ցոյց տուող ուղեցոյցն է։ Օգնէ՛ ինծի հետեւելու քեզի եւ ամէն օր նայուածքս պահելու քու վրադ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.