2017-06-22 09:04:00

Ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ''Հարաւային Սուտանի'' ի սպաս ձեռնարկը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 21 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ''Հարաւային Սուտանի'' ի սպաս ձեռնարկը։

Մարդկային համապարփակ զարգացումի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Փիթէր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոնը, ներկայացման առթիւ նշեց թէ` Հարաւային Սուտանի մէջ 2013-էն ի վեր բռնկուած է պատերազմ մը որ մարդկայնական տագնապ յառաջացուցած է եւ որ 7,3 միլիոն անձինք մատնած է անօթութեան։ Հազարաւոր մարդոց կեանքը վտանգուած է։ Մէկ ու կէս միլիոն մարդ փախուստ տուած է ու երկրին մէջ բռնութիւններ, ջարդեր ու վայրագութիւններ կ՛արձանագրուին անմեղ բնակչութեան հասցէին...կիներ ու անմեղ մանուկներ թիրախ են ամենօրեայ չարաշահումներու - ըսաւ Կարդինալ Թուրքսոն որ ապա հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ տիեզերական հովիւ է որ կը շրջանցէ սահմանները եւ ասոր համար է որ Ան կ՛ուզէ միջազգային հասարակութեան խիղճը հրահրել, յաւելեալ ջանքեր ու յանձնառում պահանջելով ի նպաստ այդ լռելեան ողբերգութեան, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծման։

Քահանայապետը արդարեւ բազմաթիւ առիթներով իղձ յայտնած է այցելել Հարաւային Սուտանը, հակառակ երկիրն մէջ տիրող ցաւալի իրականութեան, իր ներկայութեամբ յոյս ներշնչելու ու սատարելու խաղաղութեան գործընթացին ու ձայն տալու եկեղեցւոյ մը որ կը շարունակէ արձագանգել ''բաւ է զէնք, բաւ է բռնաբարութիւն, բաւ է մահ'' - ըսաւ Կարդինալ Թուրքսոնը որ դիտել տուած է  թէ ''Ֆրանչիսկոս Պապ առ այժմ կարելիութիւնը չունի այցելելու Հարաւային Սուտանը, սակայն ուզեց շօշափելի դարձնել Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու ներկայութիւնը այդ երկրի բնակչութեան` ''Քահանայապետը Հարաւային Սուտանի համար'' ծրագիրով  որ կը հայի առողջապահական, դաստիարակչական ու գիւղատնտեսական ոլորտներու զարգացումին, որուն մէջ ներառուած են  ''Wau'' եւ ''Nzara'' հիւանդանոցները, ինչպէս նաեւ ''Solidarity with South Sudan'' ընկերակցութեան գործունէութիւնը` ի սպաս  երիտասարդներու կազմաւորումին ու Միջազգային Քարիթասի գիւղատնտեսական մէկ ծրագիրը` որ սահմանուած է 2500 ընտանիքներու։ 

''Ֆրանչիսկոս Պապ չի մոռնար արիւնալի ու տմարդկային հակամարտութիւններու  անձայն ու լռելեան զոհերը ու զանոնք կը կռէ իր սրտին եւ իր աղօթքներուն մէջ ու յոյս ունի օր մը  այցելել այդ երկիրը որովհետեւ Եկեղեցին երբեք յոյսը չի կորսնցներ ու կը հրաւիրէ վստահիլ Աստուածային Նախախնամութեան, որուն առջեւ ոչ մի բան անկարելի է'' ըսած է Մարդկային համապարփակ Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Փիթէր Քոտվօ Ափփիա Թուրքսոնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.