2017-06-21 11:11:00

Տը Միսթուրայի փոխանորդը խորհրդակցութիւններ ունեցած է Արամ Ա.ի հետ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 20ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Սթեֆան տը Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամի:

Ինչպէս ծանօթ է, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ընդհանուր պատասխանատուն է տը Միսթուրա, որուն գրասենեակը կը գտնուի Ժընեւի մէջ: Իր գլխաւորութեամբ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ առնչուած հանդիպումներն ու բանակցութիւնները: Յայտնենք, որ կաթողիկոսը անցնող տարիներուն շարք մը հանդիպումներ ունեցած է տը Միսթուրային հետ, Ժընեւի եւ Աթէնքի մէջ:

Աւելի քան ժամ մը տեւեց հայրապետին ու տը Միսթուրայի փոխանորդին Յունիս 20ի հանդիպումը, որուն ընթացքին վեհափառը իրազեկ դարձաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման գծով տարուող աշխատանքներուն:

Կաթողիկոսը, իր կարգին, շեշտեց Սուրիոյ վերաշինութեան, նոր սահմանադրութեան հաստատման ու քաղաքական բարեկարգումներուն գործընթացքին քրիստոնեայ համայքներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.