2017-06-19 10:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը սիրելի Փորթուկալի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Փետրոկան-Կրանտի բնակավայրի անտառներուն մէջ բռնկուած հրդեհներուն, որոնք պատճառած են 62 զոհ ու բազմաթիւ վիրաւորներ, կիրակի 18 Յունիս 2017-ին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց իր մօտիկութիւնը յայտնել սիրեցեալ Փորթուկալի ժողովուրդին, ապա հրաւիրեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները լռելեան աղօթելու` զոհերուն ու վիրաւորներուն համար։

Քահանայապետը ապա նշեց թէ յառաջիկայ երեքշաբթի` 20 յունիսին, ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Պոցցոլօ եւ Պարպիանա աւաններ, մեծարելու համար Հայր Փրիմօ Մացցոլարին ու Հայր Լորենցօ Միլանին, ''Երկու քահանաներ որոնք մեզի կ՛ընծայեն պատգամ մը` որուն կարիքը ունինք ամէնքս այսօր'', ըսաւ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք աղօթքով  պիտի ընկերանան իր այս ուխտագնացութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.