Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ բացումը կատարեց մարոնի համայնքի յատուկ սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք մտահոգ է Լիբանանի ապագայով` նկատի ունենալով երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական մարզերուն մէջ ծառացող տագնապները:
Ան նշեց, որ բոլոր այդ տագնապներուն վրայ աւելցած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի երկու միլիոն տեղահանուածներու տագնապը` նկատի ունենալով, որ սուրիացի գաղթականները լիբանանցիներուն հետ կը մրցին օրուան հացը ապահովելու իմաստով:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ սիւնհոդոսը կատարեալ պատասխանատուութեամբ, անկողմնակալութեամբ եւ ազատութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ սիւնհոդոսը առիթ մըն է հոգեւոր կազմաւորման:
All the contents on this site are copyrighted ©. |