2017-06-11 13:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ''Աստուած միայն եւ ամբողջական Սէր է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ երրորդութեան տօնին առթիւ­, Կիրակի 11 յունիս 2017-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ու աղօթքի ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հիմնուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։ Առաջինը քաղուած էր Սուրբ Պօղոսին Կորընթացներուն ուղղած երկրորդ նամակէն, որուն աւարտին առաքեալը Կորնթացիներուն կը մաղթէ. ''Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգւոյն հաղորդութիւնը, ամէնուդ հետ ըլլան'' (Բ Կորընթաց. 13,13)։ Առաքեալին  այս օրհնութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը բացայայտէ Անոր Աստուծոյ սիրոյն հետ անձնական փորձառութիւնը, այն Սէրը զոր Յարուցեալ Քրիստոս յայտնեց փոխակերպելով անոր կեանքը ու զայն մղելով Աւետարանը տանիլ նաեւ հեթանոսներուն։ Եւ այս փորձառութենէն մեկնելով է որ Պօղոս քրիստոնեաները կը խրախուսէ այս բառերով ''այսուհետեւ եղբայրներ, ողջ եղէք, հաստատ մնացէք, մխիթարուեցէք, աշխատեցէք ձեր կատարելութեան, միաբան եղէք, խաղաղութեամբ ապրեցէք եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու սէրը ձեզ հետ պիտի ըլլայ''։

''Քրիստոնեայ հասարակութիւնը իր ամբողջ սահմանումներով կարող է դառնալ Սուրբ Երրորդութեան արտացոլումը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու այս մէկը պէտք հարկաւոր կերպով անցնի Աստուծոյ ողորմութեան փորձառութեան ընդմէջէն։ Ահա այս է որ պատահեցաւ հրեաներուն, երբ անոնք անապատին մէջ կը քալէին ու երբ չի յարգեցին դաշինքը. Աստուած յայտնուեցաւ Մովսէսին, իր համայն ողորմութեամբ, նորոգելու համար այդ դաշինքը` ''Տէրը, ողորմած ու գթած Աստուածը, հարուստ սիրով եւ հաւատարմութեամբ'', այս կը նշանակէ թէ Աստուած հեռու չէ, փակուած չէ ինքնիր մէջ, Ան Կեանք է ու հաղորդութիւնը, Ան սէր է որ կ՛ուզէ մարդը ազատել իր անհաւատարմութիւնէն։ Ան ողորմած, գթած ու շնորհքներով լի է որովհետեւի մեզի կը նուիրուի` մեզ վերադարձնելու համար արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ։

Եւ Աստուծոյ այս յայտնութիւնը  իր գագաթնակէտը կը գնտէ Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան մէջ։ Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ Աստուծոյ դիմագիծը, մէկ եւ երրեակ։

''Աստուած միայն եւ ամբողջութեամբ Սէր է, յարաբերութեան մը մէջ որ ամէն ինչ կը ստեղծէ, կը փրկէ եւ կը սրբացնէ. Հայր Որդի եւ Սուրբ Հոգի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց օրուան Աւետարանին որ կը խօսի Նիկոդեմոսի մասին որ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, երբեք չի դադրեցաւ զԱստուած փնտռելէ ու երբ Նազովրեցիին կը հանդիպի ու անոր հետ կը զրուցէ կը հասկնայ թէ Ան է սպասուած Մեսեան ու թէ Աստուած զինք կը սիրէ։ ''Արդարեւ Աստուած ինքն է որ մեզմէ առաջ մեզ կը փնտռէ, մեզ կը սպասէ ու մեզ կը սիրէ'', հաստատեց Ֆրանչսկոս Պապ­ ու մէջբերեց աւետարանական խօսքերը. ''Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ իր Միածին Որդին նուիրեց, որպէսզի ամէն անոնք որ հաւատան Անոր ժառանգեն յաւիտենական կեանքը'' ապա հարց տուաւ ''Ո՞րն է այս յաւիտենական կեանքը'' ու պատասխանեց. ''Հօր Աստուծոյ անսահման սէրն է ան, որ Յիսուս ընծայեց Խաչին վրայ, իր կեանքը տալով մեր փրկութեան համար։ Ու Այդ սէրը` Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ նոր լոյս սլացուց աշխարի վրայ ու ամէն մէկ մարդկային սրտին մէջ որ զայն կ՛ընկալէ'' ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ միշտ աւելիով ամբողջութեամբ Երրորդութեան հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու, որպէսզի ապրինք ու վկայենք այն սէրը որ իմաստ կը պարգեւէ մեր կեանքին։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.