(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 յունիս 2017-ին, առաւօտեան , Իրանի խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած է ահաբեկչական յարձակում, որուն պատճառով արձանագրուած է 7 զոհ եւ 12 վիրաւոր։ Այլ անձնասպանականն գործողութիւն մը տեղի ունեցած է Խումէյնիի դամբարանին մօտ որուն պատճառով զոհուած են զինուորականներ եւ քաղաքացիներ։
Սկզբնական տուեալներու համաձայն ահաբեկիչներէն ոմանք ձերբակալուած են եւ ուրիշներ սպաննուած։ ''ՏԱՀԵՇ''Ը ստանձնած է ահաբեկչական արարքներու պատասխանատուութիւնը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |