2017-05-23 08:01:00

Երանելի Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզի երանացման երկրորդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) 23 մայիսին,  կը նշուի Սան Սալվատորի երբեմնի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ  Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզի  երանացման արարողութեան երկրորդ տարեդարձը։

Երանելի Արքեպիսկոպոսը, նահատակուած է 24 մարտ 1980-ին իր քրիստոնէական հաւատքին համար։ Ան  ծնած էր բազմանդամ, աղքատ եւ համեստ ընտանիքի յարկին տակ։ Մանուկ հասակին փափաք կը յայտնէ քահանայ դառնալ ու քահանայական կեանքի առաջին տարիներուն Ան կը վարէ  ժողովրդապետի պաշտօնը ապա  կը դառնայ  քարտուղար՝ Սան Միկէլ թեմի եպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։

24 ապրիլի 1970-ին կը նշանակուի Սան Սալվատոր Թեմի տեղակալ առաջնորդ։

15 հոկտեմբեր 1974-ին, կը նշանակուի երկրին ամենէն դժբախտ եւ աղքատ համարուած Սանթիակօ թեմի եպիսկոպոս։

Գերապայծառ Ռոմէրօ տեսնելով եւ ապրելով ժողովուրդին աղքատութիւնն ու դժբախտութիւնը առ աւելիով կը խանդավառուի ու զօրաւոր հաւատքով կը  շարունակէ ապրիլ իր քահանայական կոչումը, ամբողջովին նուիրուելով աղքատներուն եւ անտէր մարդոց։

Պատերազմի շրջանին, անմեղներու սպանութիւններն ու տիրապետող անարդարութիւնները հայր Ռոմէրոն  կը ստիպեն հրապարակաւ բողոքել եւ դատապարտել  բռնի արարքները, նաեւ տեղական Ռատիոկայաններու սփռումներու միջոցաւ։

23 մարտ 1980-ին, Գերապայծառ Ռոմէրօ,  հրապարակաւ  կոչ կ՛ուղղէ զինուորական պատասխանատուներուն, դէմ կենալու եւ չի գործադրելու Պետութեան կողմէ հրահանգուած հրամանները,  երբ՝ անոնք հակառակ են մարդկային բարոյականութեան։

''Եղբայրներ դուք կը պատկանիք մէկ ժողովուրդի, դուք կը սպանէք ձեր եղբայրները,  ձեզի կ՝ըսեմ մի սպանէք։ Ոչ մէկ զինուոր պէտք է հակառակի Աստուծոյ օրէնքին, կը խնդրեմ, կը պաղատիմ, մի սպանէք'' ըսած էր գերապայծառ Ռոմէրօ, որ յաջորդ օրը,  24 մարտ 1980-ին,  զինուորական հիւանդանոցի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ազգային քաղաքական շարժումի պատկան անձի մը կողմէ կը սպաննուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.