2017-05-19 11:06:00

Վանականութիւն (ԼԴ)


Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք ԺԳ. դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի գրքի 41րդ գլուխէն այն հատուածը, ուր ան կը պատմէ Տաթեւի վանքի եւ եպիսկոպոսարանի կառուցման մասին։ Այսօր կը շարունակենք նոյն պատմիչի տեղեկութիւնները, ուր հարուստ տեղեկութիւններ կը տրուին շինարարութեան գործերու մասին։ Ստեփանոս Օրբելեան կը գրէ՝ “Հիմը դրին հայոց երեքհարիւր քառասունչորս թուականին, Աշոտ թագաւորի որդի Սմբատի Բագրատունի նահատակի թագաւորութեան, Փիլիպէի որդի Աշոտի Սիւնեաց իշխանութեան, Տէր Գէորգ Գառնեցի Հայոց կաթողիկոսի գահակալութեան ժամանակ, Աշոտի հրամանով եւ կամքով, Տէր Յովհաննէսի միջոցաւ, որ եւ եկեղեցւոյ վրայ արձանագրած էր այսպէս՝ ’Այն տարին, երբ հայոց երեքհարիւր քառասունչորս թուականն էր, եւ Զատիկը՝ Նաւասարդի 4ին, ես՝ Տէր Յովհաննէսս, որ Սողոմոնէն յետոյ կարգուեցայ Սիւնեաց եպիսկոպոս, այս եկեղեցւոյ կառուցման սկիզբը դրի’։

Եւ այսպէս կառուցուեցաւ եկեղեցին՝ երկնակամարի նման գմբէթայարկ, որպէս հրեշտակներու զբօսարան եւ մարդոց քաւարան, տաշուած վէմերով եւ քերուած քարերով, որմնադրական արհեստով յարմարեցուած, տեսնողներու աչքերը շլացնող։ Անոր բարձրութիւնը հարիւր կանգուն էր, երկարութիւնը՝ քառասունութ, լայնքը՝ քսանչորս։ Իր մէջ կ’ընդգրկէր չորս խորան, բացի աւագ խորանէն։ Եւ այդ շէնքին մէջ Սողոմոնեան տաճարի կամ Զորաբաբելեանի նմանողութեամբ կառուցուած էին երկու հրաշակերտ սիւներ՝ որոնք ամուր կերպով միացուած խարիսխներով եւ գեղեցկագիր ու բարձրաբերձ թակաղակներով՝ ամբողջապէս վեր կը պահեն կամարակապ, քարակարկառ յարկի հսկայական ծանրութիւնը։ Այս կը ծառայէ որպէս խորհրդանիշ երկու գլխաւոր առաքեալներու՝ Պետրոսի եւ Պօղոսի համար, որոնց նշխարներներէն դրուեցան այդ սիւներուն տակ. առաքեալներու, հայրապետներու, նահատակներու այնտեղ հաւաքուած բազմաթիւ սուրբ նշխարները դրուեցան եկեղեցւոյ հիմերուն մէջ եւ անկիւնները։ Ահա այսպէս, տասնըմէկ տարուան մէջ աւարտելէ յետոյ, եկեղեցւոյ մօտ, հարաւային դռան դիմաց, կը կանգնեցնէ զարմանալի սիւն մը՝ Սուրբ Երրորդութեան անունով, երեսապատուած մանր քարերով, երեսուն կանգուն բարձրութեամբ։ Եկեղեցին կը պարսպէ սրբատաշ քարերով, ապա եւ վանքը՝ կոփածոյ քարերով։ Եւ քանի որ այդ տեղերը անյարմար են, ուստի գետնի հաստ թումբերը կը հարթէ, խոր տեղերը կը բարձրացնէ կրաշաղախ պատերով։ Կը շինէ եւ գետնափոր գաղտնարաններ եկեղեցւոյ ներքեւ, հողի տակ ծածկուած՝ բազմաթիւ կացարաններ ու դարաններ՝ եկեղեցւոյ կարիքներուն համար։ Հարթելով ու հաւասարեցնելով այդ տեղերը՝ կը շինէ նաեւ սրբաշէն սեղանատուներ, արհեստանոցներ, մթերանոց-պահեստներ, սրբատուներ եւ գրատուներ։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ կը կառուցանէ աղօթատուն եւ Սիւնեաց իշխաններու եւ եպիսկոպոսներու համար՝ դամբարանատեղ։

Մեծ տան հայրապետանոցին համար, ահա այս բոլոր կառուցումները հոգատարութեամբ կատարելով եւ յարմարութիւններ ստեղծելով ու աւարտելով՝ ան մեր Հայաստան աշխարհը դարձուց ցանկալի բոլոր մերձաւորներուն եւ հեռաւորներուն համար։ Վանքը ըլլալով լուսապայծառ, ինչպէս արեւը աստղերու մէջ՝ բոլոր վանքերէն նշանաւոր էր ոչ միայն շինութիւններով, այլ եւ կը փայլէր շուրջ հինգհարիւր միաբաններու կրօնաւորական դասերով։ Լի էր խորաքնին փիլիսոփաներով, երաժիշտ երգիչներով։ Ճոխ էր վարժարանը՝ վարդապետական կրթումով։ Կային նաեւ անհամեմատելի արուեստավարժ նկարիչներ եւ գրիչներ։ Ասոր համար այսպիսի համբաւէն հիացած՝ թագաւորները, իշխանները, եպիսկոպոսները կու գային տեսութեան եւ ընծաներ կը բերէին սուրբ ու փառայեղ աթոռին։ Եւ երբ Տէր Յովհաննէս եպիսկոպոսը աւարտեց եկեղեցւոյ միւս կառոյցներու շինարարութիւնը, հետամուտ եղաւ աշխարհախումբ հանդէսին՝ կատարելու մեծ եւ աստուածահրաշ տաճարի նաւակատիքը։ Կանչեցին Հայոց Սմբատ թագաւորը՝ ուրիշ իշխաններու հետ, եւ Տէր Յովհաննէս կաթողիկոսը, որ յաջորդեց Մաշտոց Սեւանցիին, հայոց միւս եպիսկոպոսներով հանդերձ։ Իր եպիսկոպոսներով, իշխաններով եւ ազատներով հանդերձ եկաւ Վասպուրականի Գագիկը, որ ապա թագաւոր դարձաւ։ Եկաւ նաեւ Աղուանքի կաթողիկոս Տէր Սիմէոնը իր աշխարհի եպիկսոպոսներով ու մեծ իշխաններով։ Նաեւ հաւաքուեցան Սիւնեաց համազգի հայկազուն իշխանները, որոնք վերը յիշատակեցինք. նաեւ մեր Սիսական աշխարհի ուրիշ վանականներ եւ աշխարհականներ։ Անոնց մէջ իսկութեամբ կարելի էր տեսնել, ըստ իր անսուտ հրամանին, Քրիստոսը՝ Հօր եւ Ամենասուրբ Հոգւոյն հետ՝ երկնային բոլոր զօրքերով հանդերձ, ինչպէս եւ առաքեալներու եւ մարգարէներու գունդերով, հայրապետախումբ, մարգարէական եւ նահատակախումբ բազմութիւններով։ Եւ գիշերային արարողութեան ժամանակ եպիսկոպոս Յովհաննէսը տեսիլքի մէջ տեսաւ Պետրոսը՝ ձեռքին երկաթէ բանալի, եւ Պօղոսը՝ գրկին մէջ առաքելական գրքերը։ Անոնք մտնելով եկեղեցի՝ կը պատրաստէին աթոռը երկնային Թագաւորին համար եւ բանալին ու գիրքը տալով եպիսկոպոսին ըսին՝ ’Տէրը հաճեցաւ բնակիլ ասոր մէջ, եւ մենք անոր համար հանգստեան տեղ կը պատրաստենք. այդ արքայութեան բանալին է, թող մնայ այս եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ այստեղ պիտի բացուի դրախտի դուռը բոլոր այն մեղաւորներուն համար, որոնք հաւատքով պիտի դիմեն անոր. նաեւ այս գիրքը թող մնայ այստեղ, որովհետեւ այս տեղէն պիտի բխի վարդապետական շնորհքը, եւ սուրբ հեղինակներու ողջամիտ քարոզները այստեղ կը մնան մաքուր եւ անխառն’։ Այս տեսնելով ու սթափելով՝ մեծ գոհունակութեամբ դէպի երկինք փառաբանութիւն առաքեց, բայց ոչ մէկուն բան յայտնեց։ Երբ առաւօտը բացուեցաւ, հայրապետները եւ բոլոր եպիսկոպոսները զգեստաւորուելով բեմ բարձրացան ու կատարելով հոգեւոր օրհնութիւնը՝ օծեցին աստուածաստեղծ իւղով։ Եւ ’թող օրհնուի, թող օծուի’ ըսելու ժամանակ ամբողջ բազմութիւնը այնքան բարձր կ’արտասանէ այդ խօսքերը, որ լսողներուն կը թուէր, թէ հրեղէն ամպերէն ահարկու որոտ ու ճայթիւններ կու գային. երկիրը կը դղրդէր, շրջակայքը կը ցնցուէր։ Եւ ես այնպէս կը կարծեմ, թէ լոկ մարդկային ձայներ չէին, այլեւ անոնց կը խառնուէին ոչ մարմնական ձայներ, որ այդպէս ահարկու կը թուէր։ Եւ այսպէս կատարելով օրհնութիւնը՝ ութ օր նաւակատիք կատարեցին ի փառս Աստուծոյ։ Այնուհետեւ իւրաքանչիւրը վերադարձաւ իր տեղը։ Բայց թագաւորը եւ Սիւնեաց իշխանները տեսնելով այդպիսի հանդէս մը եւ այնքան չքնաղագոյն շինուածքը, առաւելապէս սիրեցին ու պատուի արժանացուցաին տեղը. մեծ նուիրատուութիւներով փարթամացուցին եւ շատ ընդարձակեցին անոր սահմանները, որ ստորեւ պիտի պատմուի։ մարմնական ձայներ, որ այդպէս ահարկու կը թուէին։ Եւ այսպէս կատարելով օրհնութիւնը՝ ութ օր նաւակատիկ կատարեցին ի փառս Աստուծոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.