2017-05-18 11:33:00

Շուշիի ազատագրութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած ցուցահանդէս


Շուշիի ազատագրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը՝ «Արարատ» ցուցասրահին հետ գործակցաբար, հիւպատոսարանի յարկին տակ կազմակերպած էր արուեստի գործերու ցուցահանդէս մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 8-ի երեկոյեան: Ցուցահանդէսը կը կրէ «Վայրեր, դէմքեր եւ տարածքներ» ընդհանուր խորագիրը:

ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.