2017-05-13 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Ֆաթիմայի երկու փոքրիկ սուրբերու սրբադասման արարողութեան ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ֆրանչեսքօ եւ Ճաչինդա Ֆաթիմայի երկու հովիւներուն սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ` երկու նոր սուրբերը ներկայացուց որպէս տիպարներ, զոր Սուրբ Կոյս Մարիամը ներմուծեց `Աստուծոյ լոյսի անսահման ովկիանոսին մէջ, զանոնք մղելով պաշտելու զԱստուած ։

Սրբազան Հայրը Քարոզին սկիզբը մէջբերեց սուրբ գրային ընթերցումներէն հատուածներ առաջինը  քաղուած՝  Յովհաննու յայտնութեան գիրքէն, ուր կը խօսուի ''Կնոջ եւ Վիշապի'' մասին, իսկ երկրորդը՝  քաղուած Յովհաննէսի  աւետարանէն  ուր Յիսուս՝  իր սիրած աշակերտին կ՛ուղղէ  ՝՝ահա քու մայրդ՝՝ խօսքը ու այս առընչութեամբ Սրբազան Պապը յարեց ՝՝Ունինք Մայր մը՝՝, մատնանշելով նաեւ երկու փոքրիկ նոր սուրբերու խօսքերուն, որոնք հարիւր տարի առաջ՝  13 մայիսին տուն վերադարձի  ճամբուն վրայ կը կրկնէին ՝՝ունինք շատ գեղեցիկ Մայր մը'' ու Ճաչինդան ինքզինք չկարենալ զսպելով այդ գաղտնիքը յայտնեց  իր մօր ըսելով  ''Այսօր Տիրամայրը տեսայ՝՝։  Անոնք տեսած էին երկնային Մայրը, Ան  չեկաւ որպէսզի ամէնքս զինք տեսնենք այլ  եկաւ մեցի յիշեցնելու, թէ առանց Աստուծոյ կեանք մը մեզ կը մղէ դէպի դժոխք, եկաւ յիշեցնելու Աստուծոյ Լոյսը, որ մեզ կը պարուրէ ու Ֆաթիման կը ներկայացնէ այդ լոյսը որուն­ ներքոյ ապաստան կը գտնենք երբ կը դիմենք Սուրբ Կոյս Մարիամին ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը կեդրոնացուց յոյսի վրայ ըսելով 

''Սիրելի ուխտաւորներ, ունինք Մայր մը։ Անոր կառչելով որպէս զաւակներ, կ՝ապրինք Յիսուսի վրայ հիմնուած յոյսով։  Այդ յոյսի ուժով զօրացած, բոլորս այստեղ  հաւաքուեցանք շնորհակալութիւն յայտնելու` այն օրհնութիւններուն համար զոր Երկնքի մեզի շնորհեց Տիրամօր լոյսի վերարկուի տակէն անցած երկար հարիւր տարիներու ընթացքին, մեկնելով այս  յոյսով հարուստ, Փորթուկալէն՝ ու տարածուելով աշխարհին չորս ծագերուն։

՝՝Որպէս տիպարներ ունինք, Ֆրանչեսքօն եւ Ճաչինդան` երկու նոր սուրբերը, որոնց Սուրբ Կոյս Մարիամը ներմուծեց , Աստուծոյ անսահման լոյսի ովկիանոսին մէջ, զանոնք մղելով պաշտելու Աստուած։

Սիրելի քոյրեր ու եղբայրներ ըսաւ ապա Քահանայապետը ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրեն ընկերանալուն համար։ Չէի կրնար  հոս չգալ  աղօթելու եւ պաշտամունք կատարելու Տիրամօր եւ անոր յանձնելու իր զաւակներն ու դուստրերը։ Տիրամօր վերարկուին տակ անոնք կորուստի չեն մատնուիր, Անոր բազուկներէն կը բխի  յոյսն ու խաղութիւնը որուն կը կարօտին, եւ զոր ես կ՛աղերսեմ մկրտութեան ու մարդկութեան մէջ իմ եղբայրներուս համար,  յատկապէս, հիւանդներուն եւ անկարներուն, բանտարկեալներուն, անգործներուն, աղքատներուն եւ լքուածներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց ըսելով ''Տիրամօր Հովանիին ներքեւ, մենք աշխարհին մէջ առաւօտեան պահակներն ենք  որոնք գիտեն խորհրդածել Փրկիչ Յիսուսի ճշմարիտ դէմքի մասին, որ կը փայլի Զատկուան օրը։   Պահակներ որոնք գիտեն  վերագտնել եկեղեցւոյ երիտասարդ  եւ գեղեցիկ դէմքը,   որ կը  փայլի երբ ան առաքելական,  ընկալող. Ազատ հաւատարիմ ու աղքատ է, ինչպէս նաեւ միջոցներով աղքատ է սակայն հարուստ է  սիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.