2017-05-05 11:09:00

Մօտ ապագային եկեղեցին պիտի ունենայ 5 նոր երանելիներ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, որուն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին հայող­  նոր 5 երանելինեհու եւ 7 Աստուծոյ ծառաներու հրամանագիրերը։

Նոր երանելիներուն շարքին են, Քափուչիններուն փոքրիկ եղբայրներուն միաբանութեան անդամ ,ամերիկացի Հայր Ֆրանչեսքօ Սոլանօ Քասեյ։ Ան ապրած է 1870-1957 տարիներուն։ Հայր Ֆրանչեսքօ, Յիսուսը շատ սիրած ըլլալով զայն սիրցուցած է հաւատացեալներուն , Ամերիկայի մէջ  դառնալով Քափուչչիններու միաբանութեան  ամենէն երեւելի եւ փայլուն  հոգեւորականը։

Երանելի պիտի հռչակուին նաեւ.

Ֆրանսացի  Մարիա Տելլա Քոնչեսիոնէ։ Աւազանի անունով Ատելայտէ Տէ Պազ Տէ Թրենքուելլոն։ Ան ապրած է 1789-1828 տարիներուն։ Ծնած է Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ եւ իր բոլոր կեանքը նուիրած  է փոքրիկներու եւ աղքատներուն քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումով։   

Գերմանացի Քիարա Ֆեյ, հիմնադրուհին աղքատ Մանուկ Յիսուս մայրապետներու միաբանութեան։ Ան ապրած է 1815-1894 թուականներուն , եւ իր ամբողջ կեանքը ընծայած է աղքատներու խնամակալութեամբ։ 

Արժանթինցի Քաթերինա Տի Մարիա,  որ հիմնած է Սիրտ Յիսուսի աղախիններ՝՝միաբանութիւնը։ Ան ապրած է 1823-1896 թուականներուն։ 

Եւ ընտանիքի հայր` Լուչիանօ Պոթովասովա, անդամ՝Ֆրանչիսկեան երրորդ կարգի միաբանութեան։  1947-ին, հայր Լուչիանօ,  կեանքը զոհած է իր գիւղին  բնակիչները պաշտպանելու եւ իր քրիստոնէական հաւատքը չուրանալուն համար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.