Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկէ Սուրիոյ տուժած բնակչութեան: Համապատասխան նախագիծը արժանացաւ կառավարութեան հաւանութեան:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցելու համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի տրամադրուի 43 միլիոն դրամ:Միջոցները պիտի յատկացուին կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն:
Արդէն քանի մը անգամ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէ Սուրիոյ հակամարտութենէն տուժածներուն:
All the contents on this site are copyrighted ©. |