2017-04-29 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ.''Միակ ընդունուած ծայրայեղականութիւնը` սիրոյ ծայրայեղականութիւնն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Գահիրէի, ''Air Defense Stadium'' մարզադաշտին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքական, եկեղեցական բարձրաստիճան անմերձաւորութիւններ,  ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան  Հայրը խօսքը կեդրոնացուց լատինաց ծէսի համաձայն  Զատկուայ երրորդ կիրակի օրուայ աւետարանական ընթերցումին վրայ՝ ուր կը խօսուի  Էմմաւուսի երկու առաքեալներու մասին որոնք կը հանդիպին Յարուցեալ Քրիստոսին։

Աւետարանի հատուած մը որ կ՛ամփոփուի երեք բառերու մէջ ըսաւ Քահանայապետը. Մահ, Յարութիւն եւ կեանք։ 

Խօսելով մահուան մասին,  Ան անդրադարձաւ Էմմաւուսի երկու առաքեալներուն, որոնք իրենց Վարդապետին մահունէ ետք,   յուսախաբ ու մոլորուած վիճակի մէջ Երուսաղեմէն դուրս ելան ։ Խաչի տագնապը, գայթակղութիւնը, կարծես թէ թաղած ըլլար աշակերտներուն  բոլոր յոյսերը ։ Անոնք չէին կրնար հաւատալ թէ Վարդապետը, Փրկիչը,  որ յարութիւն տուաւ մեռելներուն,  որ բուժեց հիւանդները,  կարող էր ամօթխածութեան խաչին քամուիլ։  Չէին կարող հասկնալ թէ ինչպէս Ամենակարող Աստուած չէր ուզած փրկել Զինք այսպիսի անարժան մահէն։ Չէին անդրադարձած թէ իրենք էին մեռեալները, որոնք թաղուած էին իրենց անհասկացողութեան սահմանափակումին մէջ։ Քանի անգամներ մարդ արարածը յուսահատութեան կը մատնուի  մերժելով հաւատալ որ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը,  զօրութեան եւ իշխանութեան ամենակարողութիւն մը չէ, այլ  սիրոյ, ներողամտութեան ու կեանքի ամենակարողութիւն է։

Յարութեան մասին խօսելով Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ինչպէս խաւար գիշերուան մէջ , յուսախաբութեան ամենէն վատ ժամանակին, Յիսուս մօտեցաւ  առաքեալներուն եւ անոնց հետ սկսաւ քալել,   որպէսզի առաքեալները կարողանային  բացայայտել  որ Ինքն է ճանապարհը , ճշմարտութիւնն ու կեանքը։։

Յիսուս  անոնց յուսալքումը կերպարանափոխեց կեանքի, որովհետեւ  երբ մարդկային յոյսը կը փառատի կը սկսի շողշողալ Աստուածայինը ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ դիտել տալով, թէ  առաքեալները,  Յարուցեալին հետ հանդիպումէն ետք,   ուրախութեամբ լի վերադարձան Երուսաղէմ, յոյսով եւ խանդավառութեամբ՝  պատրաստ վկայելու։

Այն ինչ որ անկարելի է մարդոց աչքերուն, Աստուծոյ համար կարելի է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով, թէ Այն որ չ՛անցնիր Խաչի փորձառութենէն հասնելու համար Յարութեան Ճշմարտութեան կը մնայ յուսահատութեան մէջ ապա ակնարկեց երրորդ կէտին` կեանքը ըսելով,  Յարուցեալ Յիսուսի հետ հանդիպումը,  կերպարանափոխեց երկու առաքեալներուն կեանքը,  որովհետեւ Յարուցեալին հետ  հանդիպումը կը կերպարանափոխէ ամէն կեանք եւ բեղուն կը դարձնէ որեւէն ամլութիւն։ 

՝՝Յարութիւնը՝՝, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝  հաւատք մը չէ որ ծնունդ առած է եկեղեցւոյ մէջ , այլ եկեղեցին է, որ ծնաւ Յարութեան հաւատքէն։

 Ապա  յիշելով  Յիսուսի խօսքը  երանի անոնց որոնք չտեսան եւ հաւատացին »   Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. ''Եկեղեցին պէտք է գիտնայ եւ հաւատայ ­ որ Յիսուս  կենդանի է եւ եկեղեցին կը կենդանացնէ Սուրբ Հաղորդութեան, Սուրբ Գիրքին եւ Սուրբ Խորհուրդներուն մէջ։

Էմմաւուսի աշակերտները այս բանը հասկցան  եւ Երուսաղեմ վերադարձան, բաժնեկցելու համար իրենց փորձառութիւնը ըսելով ։ Տեսանք Տէրը, Ան իսկապէս Յարութիւն առաւ։

Էմմաւուսի առաքեալներու փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ  թէ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ պաշտամունքի վայրերը լեցնելը եթէ մեր սրտերը դատարկ են։ Թէ ոչ մէկ բանի կը ծառայէ մեր աղօթքը բարձրացուցած Աստուծոյ եթէ այդ մէկը  չի կերպարանափոխուիր   եղբօրը հանդէպ սիրոյ,   Ոչ մէկ բանի կը ծառայէ խնամք տանիլ արտաքինին , որովհետեւ  Աստուած հոգիին եւ սրտին մէջ կը նայի եւ կ՝ատէ կեղծաւորութիւնը։          

Ճշմարիտ հաւատքը այն է,  որ մեզ եղբայրասէր­, ողորմածներ, պարկեշտներ եւ աւելի մարդկային կը դարձնէ հաստատեց հուսկ Սրբազան պապը ու նշեց եղբայրսիրութեան օրինակներ ու աւելցուց  թէ իսկական հաւատքը այն է,  որ մեզ կ՝առաջնորդէ ուրիշին իրաւունքները պաշտպանելու՝ այն նոյն ուժով ու զօրութեամբ որով կը պաշտպանենք մեր իրաւունքները։ 

Նորին Սրբութիւնը քարոզի աւարտին հաստատեց, թէ Աստուծոյ հաճելի է միայն հաւատքը որ կը դաւանուի ապրելակերպով որովհետեւ, հաւատացեալներուն համար միակ ընդունուած ծայրայեղականութիւնը` սիրոյ ծայրայեղականութիւնն է, ու  հրաւիրեց Էմմաւուսի առաքեալներու նման Երուսաղեմ քաղաք վերադառնալ՝ այսինքն՝ վերադառնալ մեր առօրեայ կեանքին, հաւատքով եւ քաջութեամբ, առանց վախնալու մեր սրտերը բանալու Յարուցեալի լոյսին առջեւ  եւ թոյլ տալու, որ ան մեր կեանքը  կերպարանափոխէ։

Մի Վախնաք սիրելէ բոլորը, բարեկամներ ու թշնամիներ ըսաւ Քահանայապետը որովհետեւ ապրուած սիրոյ մէջ է որ կը կայանայ հաւատացեալի ուժն ու գանձը ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սուրբ ընտանիքի բարեխօսութիւնը որպէսզի լուսաւոեն սրտերը ու օրհնեն բոլոր ներկաները ու սիրեցեալ Եգիպտոսը։ Ալ Մասիհ Քամ։ Քրիստոս Յարեաւ իսկապէս  Յարեաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.