Հայաստան կ՛ողջունէ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործած այլ յանցագործութիւնները ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունումը։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
«Չեխիոյ պատգամաւորներու պալատի բանաձեւը` երկրի նախագահ Միլոշ Զեմանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններուն հետ միասին, կը հանդիսանան Չեխիոյ Հանրապետութեան արժէքաւոր ներդրումը ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին»,-ըսուած է Նալպանտեանի յայտարարութեան մէջ:
Աւելի առաջ յատնած էինք, որ երէկ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 104 պատգամաւոր:
Բանաձեւը քննարկման ներկայացուցած էր Չեխիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութենէն պատգամաւոր Ռոպին Պէոնիշ: «Ես կը կարծեմ, որ Չեխիոյ պարտքն էր պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երէկ կը նշուէր Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը, եւ այսօր նման բանաձեւի ընդունումը խորհրդանշական է»,- ըսած է Պէոնիշ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |