2017-04-22 12:37:00

Պուտայականներու ''ՎԵՍԱՔ''ի տօն. ''միասին ընթանանք ոչ բռնութեան ճանապարհին վրայ''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Պուտայականներու Vesakh` Լոյսի տօնին առթիւ, Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը բարեմաղթական պատգամ մը յղած է Պուտայականներուն, շնորհաւորելով անոնց տօնը որ կը յիշատակէ ''Gautama Buddha''-ի կեանքի երեք կարեւոր հանգրուանները. ծնունդը, լուսաւորութիւնն ու մահը։

''Այս տարի ձեր հետ կ՛ուզենք խորհրդածել խաղաղութեան ու ոչ բռնութեան մշակոյթի զարգացումի հրատապ հարցի մասին'' գրուած է վերոնշեալ պատգամին մէջ նշելով թէ ''մինչ շատեր կրօնը կը գործածեն խաղաղութիւնը տարածելու համար­, ուրիշներ այդ կրօնը կը շահագործեն արդարացնելու համար իրենց բռնութեան ու ատելութեան արարքները''։

''Յիսուս Քրիստոս եւ Պուտտան սատարեցին ոչ բռնութեան զարգացումին ու եղան խաղաղութեան կառուցողներ։ Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է թէ ''Յիսուս սորվեցուց թէ պատերազմի իսկական դաշտը, ուր խաղաղութիւնն ու բռնութիւնը կը հակամարտին, մարդուն սիրտն է''ապա '' այդտեղէն է որ կը բխին բարի կամ չար մտադրութիւնները''։

''Յիսուսի իսկական աշակերտներ ըլլալ կը նշանակէ սատարել ոչ բռնութեան առաջարկին'' գրուած է միշտ վերոնշեալ պատգամին մէջ ուր մէջբերուած է նաեւ Պուտտայի պատգամը ի սպաս խաղաղութեան, որուն մէջ ան կը քաջալերէ ''յաղթել զայրացողին` չզայրանալով, յաղթել չարին` բարութեամբ, դժբախտը առատաձեռնութեամբ ու ստախօսը ճշմարտութեամբ''։

''Ընդունելով հանդերձ մեր կրօններուն առանձնայատկութիւնները, համաձայն ենք թէ բռնութիւնը կը բխի մարդու սրտէն եւ ասոր համար կանչուած ենք միասնական մէկ ծրագիր մը մշակել, այն է ուսումնասիրել բռնութեան պատճառները'' նշուած է միշտ Պուտայականներու ուղղուած պատգամին մէջ­, ուր ապա ընդգծուած է հարկաւորութիւնը` հաւատացեալներուն դաստիարակել պայքարիլ չարին դէմ, ինչպէս նաեւ քաջալերել ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները իրենց կարգին պայքարելու ատելութեան դէմ։

Պատգամի աւարտին Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը հրաւէր ուղղած է զարգացնելու կեանքի նոր ապրելակերպ մը` ուր բռնութիւնը մերժուի ու յարգուի մարդ անհատը''։

''Այս հոգիով է որ դարձեալ կը մաղթենք` բարի. խաղաղ եւ ուրախ Վեսախի տօն'' գրուած է Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի պուտայականներուն ուղղած պատգամի վերջաւորութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.