Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում» ֆիլմը ստեղծողներուն:
«Շնորհակալութիւն Էրիկ Իսրայէլեանին եւ «Խոստումը» ֆիլմին` ամենասարսափելի յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ Human Rights Watch-ի աշխատանքներուն աջակցելու համար»,- ըսուած է կազմակերպութեան պլոկին մէջ:
Յիշեցնենք, որ «Խոստումը» ֆիլմը Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի սկսի ցուցադրուելու Ապրիլ 21-ին:
Ֆիլմին բեմադրիչը Թերրի Ճորճն է, որ նաեւ «Ռուանտա հիւրանոց» յայտնի ֆիլմին հեղինակն է: «Խոստում»-ի արտադրողը Քըրք Քըրքորեանն է, իսկ երաժշտութիւնը գրած է Սերժ Թանգեան: Արտադրողներէն մէկն ալ Էրիկ Իսրայէլեանն է:
Ֆիլմի դերասաններն են՝ Քրիսթիան Պէյլը, Օսքար Այզեկը եւ Շարլոթ լը Պոնը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |